TRIPP-Ի ՀԱՄԱՐ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս տարի իսկ արդէն դաշտի վրայ պիտի սկսին TRIPP նախագծի իրագործման աշխատանքները: 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան մօտալուտ Խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ ներկայացուց՝ իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը: Այս ամբողջին մէջ վարչապետը ըսաւ.

«Համոզուած եմ, թէ մենք այս տարի գետնի վրայ կը սկսինք աշխատանքները: Իմ հաշուարկով ամենաարագը կ՚ըլլայ ելեկտրահաղորդման գիծերու շահագործման յանձնուիլը: Այս նախագիծին շնորհիւ ալ բազմաթիւ աշխատատեղիներ պիտի ստեղծուին եւ ես յոյս ունիմ, թէ մենք պիտի ապահովենք աշխատատեղիները Հայաստանի քաղաքացիներու միջոցաւ եւ ընկերութիւնները ստիպուած պիտի չըլլան այլ երկիրներէն աշխատուժ ներգրաւելու»:

Փաշինեանի խօսքով՝ Կիւմրի-Թուրքիա սահմանի ու Երասխ-Նախիջեւան սահմանի երկաթուղիի հատուածներու վերակառուցումն ալ կրնայ աւարտիլ շատ արագ, մէկ-մէկուկէս տարուան ընթացքին:

Մինչ Իրանի պատերազմին հետեւանքով համաշխարհային մատակարարման ցանցերը կը կաղան լրջօրէն, ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային վերլուծաբանները կ՚անդրադառնան TRIPP-ին։ Մեկնաբանութիւններու մէջ այս նախաձեռնութիւնը կը մատուցուի՝ որպէս կարեւոր այլընտրանք, որ միջազգային մատակարարումներու կայունացման ճանապարհին կրնայ դերակատարութիւն մը ունենալ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026