ԹԱՓՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ յայտարարեց, որ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզէն ներս Թուրքիա յեղափոխութիւն մը ապրած է:

Երէկ, Անգարայի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Մարք Ռութէն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա: Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը ընդունեց Պեշթեփէի համալիրէն ներս: Դռնփակ հանդիպման ներկայ էին նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ հանրապետութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գծով գլխաւոր խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ:

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Էրտողան եւ Ռութէ ծաւալուն ձեւով աչքէ անցուցին՝ մօտաւոր ապագային Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնց ծիրէն ներս շօշափուեցան դաշինքի օրակարգային հիմնական հարցերը, տարածաշրջանային կամ համաշխարհային բնոյթով նիւթեր:

Էրտողանի խօսքով՝ տարածաշրջանի անկայուն միջավայրը ի յայտ կը բերէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն միջեւ զօրակցութեան կարեւորութիւնը: Իր խօսքով՝ կ՚ակնկալուի, որ Անգարայի գագաթաժողովին ժամանակ որոշումներ ընդունուին՝ դաշնակիցներու միջեւ զօրակցութիւնը ամրապնդելու եւ ճգնաժամերու դէմ մշտական պատրաստութիւնը խրախուսելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գլխաւորութեամբ՝ Թուրքիա պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառէն ներս օրէ օր կ՚աւելցնէ իր ներուժը եւ այս ուղղութեամբ կը փափաքի դաշնակից երկիրներու հետ այս ոլորտի համագործակցութիւնը զարգացնել: Նախագահը համոզուած է, թէ Անդրատլանտեան կապի պահպանումը անհրաժեշտ է: Թրքական կողմի ակնկալութիւնն է, որ դաշինքի Եւրոպայի անդամները ա՛լ աւելի պատասխանատուութիւն ստանձնեն եւ այս կէտին վրայ Եւրոպական Միութեան ոչ-անդամ դաշնակիցները չարտաքսուին ԵՄ-ի պաշտպանական նախաձեռնութիւններէն, ինչ որ նպատակայարմար չ՚ըլլար:

Նախագահ Էրտողանի խօսքով՝ Իրանի դէմ յարձակումներով սկսող գործընթացէն ներս Թուրքիա խաղաղութեան ու դիւանագիտութեան կողմը կը դիրքաւորէ ինքզինքը: Բաց աստի, Թուրքիա Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին ալ խաղաղութեամբ աւարտիլը ապահովելու համար շրջանառութեան մէջ կը գտնուի: Անգարա ջանք կը գործադրէ, որպէսզի բանակցութիւնները վերակենդանացուին եւ ղեկավարներու մակարդակի վրայ շփումներու ձեռնարկելը դառնայ հնարաւոր:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026