ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԷՏԵՐ
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, արդէն թափով յառաջ կը տարուին Սիրքէճիի պատմական կայարանի վերանորոգման աշխատանքները։ Ծրագրի ընթացքը տեղւոյն վրայ վերահսկելու նպատակով, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ վերջերս այցելեց կայարանի պատմական համալիրը։ Երկար ժամանակէ ի վեր ընթացքի մէջ են վերանորոգութեան աշխատանքները, որոնք հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։
Սիրքէճիի կայարանը Իսթանպուլի տեսակէտէ կը համարուի առանցքային կէտ մը։ Արդարեւ, քաղաքը պատմականօրէն դէպի աշխարհ բացած կոթողային կառոյցներէն մին է այդ մէկը, իսկ ներկայիս թէ՛ քաղաքի բնակչութիւնը եւ թէ ամբողջ հանրային կարծիքը ականատես կը դառնայ անոր տպաւորիչ եղափոխութեան։
Սիրքէճիի կայարանը կը վերանորոգուի ինքնուրոյն դիմագծի պահպանմամբ։ Յամենայնդէպս, համալիրը շուտով պիտի դառնայ բազմանպատակ միջավայր մը, մշակոյթի եւ կենցաղի նոր ուղղութեան մը ձեւաչափով։ Պատմական կայարանի համալիրը պիտի ընդգրկէ գրադարաններ, ցուցադրասրահներ, գեղարուեստասրահներ եւ թատրոնի դահլիճներ։
Նախարար Էրսոյ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ շէնքը վերականգնուած է՝ հաւատարիմ մնալով իր դիմագծի առանձնայատկութիւններուն։ Ան կը վերաձեւաւորուի՝ որպէս մշակոյթի եւ կենցաղի նոր կեդրոն մը։
Միւս կողմէ, Իսթանպուլի նոյնպէս պատմական Հայտարփաշայի կայարանի ընդարձակ համալիրի վերանորոգութեան եւ եղափոխութեան գործընթացն ալ կը մօտենայ իր աւարտին։