ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Դիլիջանը, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան առանցքային քաղաքներէն մին է, այս շրջանին նոր ոստումի մը փուլին մէջ է։ Արդարեւ, քաղաքէն ներս կեանքի կոչուած են շարք մը ենթակառուցուածքային նախագծեր, որոնք զբօսաշրջութեան ներուժը կ՚աւելցնեն։ Այս նախագծերը անուանուած են «PPLS Rooms», որ համատեղ կեցութեան վայր մըն է եւ «Villa 3» համայնքային կեդրոն-հանգոյց մըն է։

Դիլիջանի մէջ «Green Rock» ընկերութիւնը փուլ առ փուլ բազմագործառութային համալիր-ծրագիր մը կեանքի կը կոչէ՝ նպաստելով քաղաքի զարգացման եւ արդիականացման։

Նորաբաց այս կառոյցները քաղաքէն ներս կը ստեղծեն անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներն ու միջավայրը՝ զանազան ձեւաչափերէ այցելութիւններու եւ բնակութեան համար։ Սա կարեւոր ձեռքբերում մըն է, որովհետեւ Դիլիջանի պարագային օրէ օր կ՚աճի՝ արդիական ու նիւթապէս մատչելի պայմաններով կեցավայրերու կարիքը։

«Villa 3»ը արժանացած է EDGE միջազգային վկայագրին, որ կը հաստատէ շէնքի բնապահպանական արդիւնաւէտութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026