ՔԻՐ ՍԹԱՐՄԸՐ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան լքեց Բանուորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը։ Այսինքն, յառաջիկայ շրջանին Անգլիոյ օրակարգին պիտի ըլլայ թէ՛ նոր վարչապետի եւ թէ Բանուորականներու նոր կուսակցապետի ընտրութիւնը։ Վերջին շրջաններուն Անգլիոյ մէջ օրակարգը ցնցուած էր իրերայաջորդ գայթակղութիւններով, նաեւ Բանուորական կուսակցութիւնը լուրջ պարտութիւն մը կրած էր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքներով։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Քիր Սթարմըրի վրայ սաստկացած էին ճնշումները, որոնց տեղի տալով ան լքեց իր պաշտօնը։

Քիր Սթարմըր 2024-ին երկրի կառավարութեան ղեկը ստանձնած էր՝ Անգլիոյ քաղաքական թատերաբեմին վրայ առկայ քաոսին վերջ դնելու խոստումով։ Քիր Սթարմըրի քաղաքական թատերաբեմէ հեռանալով՝ Անգլիա վերջին տասն տարուան ընթացքին արդէն 7-րդ վարչապետը ունենալ կը պատրաստուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2026