ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ՁԵՒԱՉԱՓԵՐ
Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը այսօր կը հիւրընկալէ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Թոքաեւ այսօր կը մէկտեղուի Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ։ Պաշտօնական ծրագրի մեկնարկին ընդառաջ, Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւ եւ Անթոնիօ Քոստա ունեցան անպաշտօն տեսակցութիւն մը։
Այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած են բանակցութիւններ, որոնց զուգահեռ կողմերու միջեւ կը ստորագրուին շարք մը համատեղ փաստաթուղթեր։
Այսօրուան հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ, որ վերջին շրջանին ԵՄ ռազմավարական նպատակ դարձուցած է՝ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն հետ հասանելիութիւնն ու համագործակցութեան խորացումը։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններու ազդեցութեամբ՝ ԵՄ կը ձգտի նոր գործընկերութիւններ զարգացնել՝ համաշխարհային մակարդակով։