EFJ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Եւրոպայի Լրագրողներու դաշնակցութիւնը (EFJ) շաբաթավերջին արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ լրագրող Հռիփսիմէ Ճէպէճեանի հասցէին հնչեցուցած վիրաւորական յայտարարութիւններուն։ «Լրագրող վիրաւորելը ո՛չ միայն անձի մը դէմ յարձակում է, այլեւ խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարական հասարակութեան արժէքներու դէմ ուղղուած յարձակում կը համարուի», նշուած է EFJ-ի նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ։
EFJ խնդրոյ առարկայ յայտարարութեամբ միացած է Հայաստանի Լրագրողներու միութեան արձագանգին՝ կոչ ուղղելով Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի դադրեցնեն լրագրողներու դէմ թշնամական հռետորաբանութիւնը եւ զանոնք մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին վարկաբեկելու եւ ահաբեկելու փորձերը։
Խնդրոյ առարկայ միջադէպը տեղի ունեցած էր վերջին օրերուն՝ կառավարութեան ժողովէն վերջ վարչապետի շաբթուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Լրագրող Հռիփսիմէ Ճէպէճեան Փաշինեանին հարց ուղղած էր՝ ընդդիմախօսներուն ուղղեալ սպառնալիքներու եւ խորհրդարանէ ներս օգտագործած բառապաշարի մասին։ Ի պատասխան՝ վարչապետը լրագրողը բազմիցս անուանած էր «եղկելի»՝ զինքը մեղադրելով եւ շարք մը քաղաքական շրջանակներու «Եռաբլուր»ը նեղ քաղաքական ու անձնական շահերու համար օգտագործելու մէջ։ Զրոյցը հեռարձակուած էր ուղիղ եթերով։
EFJ-ի նախագահ Մայա Սեւեր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ կառավարութեան ղեկավարը առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի լրագրողներու եւ անոնց մասնագիտական աշխատանքի նկատմամբ յարգանք դրսեւորելու ուղղութեամբ։ Յիշեալ միութիւնը միջազգային լրագրական կազմակերպութիւններուն եւ խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան հետամուտ կառոյցներուն կոչ ուղղած է՝ հրապարակայնօրէն արձագանգել խնդրոյ առարկայ միջադէպին։