ՆԱՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Վարսէն Աղաբէկեան-Շահինի հետ։ Վահան Կոստանեան եւ Վարսէն Աղաբէկեան-Շահին Նափոլիի մէջ կը մասնակցէին «Միջերկրածովեան երկխօսութիւններ» միջազգային համաժողովին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ իրենց հանդիպումը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Պաղեստին յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական ծը-րագրերուն։
Կարծիքներ փոխանակուեցան Մերձաւոր Արեւելքէ ներս իրավիճակի եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Խաղաղութեան խորհուրդի գործունէութեան։