«ՖԻԼՄԵՐ ԵՒ ՅԱՅՏՆԻՆԵՐ»
Երեւանի Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանը այս շրջանին նոր երանգներով կը ներկայացնէ մեծանուն արուեստագէտի վիթխարի ժառանգութիւնը։ Այսպէս, տուն-թանգարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Ֆիլմեր եւ յայտնիներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որու բացման ժամանակ տեղի ունեցաւ նաեւ «Քոլաժ ինքնանկարի ֆոնի վրայ» գիրքի շնորհանդէսը։
Տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Անահիտ Միքայէլեան ընդգծեց, որ անիմասիոն այս ցուցադրութիւնը նորութիւն մըն էր։ Անահիտ Միքայէլեան կառոյցի ղեկը ստանձնած է՝ թանգարանի հիմնադիր-տնօրէն Զաւէն Սարգսեանի մահէն վերջ։ Հոգելոյս Զաւէն Սարգսեան եղած էր Սերկէյ Փարաճանովի անձնական լուսանկարիչը եւ անկէ ժառանգած էր այն ամէն ինչը, որ կը մատուցուի այս տուն-թանգարանէն ներս։ Զաւէն Սարգսեան առընչուած էր Սերկէյ Փարաճանովի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն հետ։ Այդ անմիջական շփումին հիման վրայ ստեղծուած տուն-թանգարանի հիմնական ցուցադրութիւնը երեսունհինգ տարի անընդհատ այցելուներուն ներկայացուած էր անփոփոխ։ Ուստի, Անահիտ Միքայէլեան այս փուլին մտավախութիւններ ունեցած է՝ նորութիւններ ներմուծելու ճանապարհին։ «Դժուար էր փոփոխութիւն մտցնել այն ցուցադրութեան մէջ, որ տարիներու ընթացքին մշակուած էր Զաւէն Սարգսեանի կողմէ։ Դիւրին չեղաւ։ Երկար մտածեցինք մեր ընելիքին մասին, որպէսզի հիմնական ցուցադրութիւնն ու շրջայցը չխանգարենք։ Անիմասիոն ցուցադրութեան շրջանակներէն ներս թանգարանի երկու յարկերուն տեղադրուած մեծ պաստառներուն վրայ հնարաւոր է ծանօթանալ Փարաճանովի եւ անոր մեծանուն ժամանակակիցներու՝ Իվ Սեն Լորանի, Տիկին տը Կոլի, Մարչելօ Մասթրոիանիի եւ այլոց մասնակցութեամբ հետաքրքրական պատմութիւններու, որոնց մէկ մասին հանրութեան լայն շրջանակը ծանօթ չէ։ Թանգարանները կը զարգանան, այցելուներու պահանջները կը փոխուին, շատերը կը փափաքին նոր ու հետաքրքրական լուծումներով ցուցադրութիւններ տեսնել։ Մենք փորձեցինք նորարարական լուծումներէն ամենայարմարը գտնել։ Թանգարանը չունի առանձին տարածք անիմասիոններու ցուցադրութիւններու համար։ Ուստի, դիմեցինք այս տարբերակին՝ պահելով Փարաճանովի ռիթմը։ Առաջին յարկին Փարաճանովն ու այլ յայտնի մարդիկ են, իսկ երկրորդ յարկին՝ իր ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ Փարաճանովի Ճոքոնտային նուիրուած պատմութիւնը», նշեց տնօրէնուհին։
Բաց աստի, ան տեղեկացուց, որ ձեւաչափը պիտի պահպանուի, իսկ անիմասիոն ֆիլմերը պարբերաբար պիտի փոխուին՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով Սերկէյ Փարաճանով արուեստագէտի ու մարդու նորովի բացայայտման համար։
Անդրադառնալով «Քոլաժ ինքնանկարի ֆոնի վրայ» գիրքին՝ Միքայէլեան նշեց, որ առաջին անգամ 2005 թուականին ներկայացուած էր այդ մէկը։ Թանգարանը բացառիկ հնարաւորութիւն ունեցած է գիրքը վերահրատարակելու, նաեւ որոշ փոփոխութիւններ ըրած է բովանդակութեան մէջ։