ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Իսթանպուլի համալսարանի «Իսթանպուլ» հիւանդանոցի Չափա եւ Էսէնեուրթ համալիրի բացման եւ հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութեան։ Այս ծրագիրը կ՚ենթադրէ առողջապահութեան բնագաւառէ ներս հսկայական ներդրում մը։ Արդարեւ, Իսթանպուլի համալսարանի Չափայի բժշկագիտութեան ֆաքիւլթէն եւ յարակից հիւանդանոցը պիտի սկսին գործել այս նոր կառուցուելիք համալիրէն ներս։ 

Հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու, որ եւս այդ համալսարանէն հասած է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2026