Ո՛Չ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային շատ կարեւոր հաւաք մը, որու աւարտին պատերազմի դէմ կոչ հնչեցուեցաւ։ Այսպէս, Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ եօթ երկրի արտաքին գործոց նախարար մէկտեղուեցաւ՝ քննարկելու համար միջազգային հրատապ օրակարգի հարցերը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած ժողովին մասնակցեցան՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոէլ Պարրօ, Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտ Միլիպենտ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Վատեփուլ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թաճանի, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտուլաթի, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսաք Տար եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհան էլ-Սուուտ։ Հաւաքի մասնակիցները համատեղ յայտարարութեան հրապարակումէն վերջ ընդունուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ, որ շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ կը խրախուսէ դիւանագիտական լուծումները։ 

Հաւաքէն վերջ Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ օրակարգի վրայ եկած են համաշխարհային խնդիրները։ «Մենք շօշափեցինք տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցերը։ Միջին Արեւելքի, Սեւ ծովու վերջին վիճակը, Հիւրմիւզի ջրանցքի, Պապիւլ Մենտեպի կացութիւնը ձեռք առինք։ Սեղանի շուրջ համախմբուած երկիրները չեն փափաքիր, որ պատերազմը ընդլայնուի։ Մենք կը փափաքինք, որ Ծոցի եւ Ուքրայնայի մէջ պատերազմը վերջ գտնէ», ըսաւ նախարարը։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Իսրայէլի բռնագրաւումները տարածաշրջանէ ներս անկայունութեան հիմնական պատճառը կը հանդիսանան։ Նախարարները համամիտ գտնուեցան, որ Պաղեստինի պարագային երկու պետութեան հիմունքով լուծման համար ժամ առաջ պէտք է շարժման անցնիլ։ Դէպի Կազզէ անխափան մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնն ալ մատնանշուեցաւ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ, ուր շեշտուեցաւ, որ Պաղեստինի քանդումն ու մարդասիրական աղէտը պէտք է ժամ առաջ կասեցուի։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2026