Չորեքշաբթի 25, Նոյեմբեր 2026
«ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՎԿԱՆ…»
Հայ նկարչութեան արդի հսկաներէն Գրիգոր Խանճեան այս շրջանին զանազան ձեռնարկներով կ՚ոգեկոչուի Երեւանի մէջ։ Իր վերյիշումը կը նշանակէ վերարժեւորումը վիթխարի ժառանգութեան մը, որ հետք թողած է հայ արդի հաւաքական մտքի, աշխարհընկալման եւ յիշողութեան վրայ։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները ունին յոբելենական բնոյթ, որովհետեւ կը զուգադիպին մեծանուն արուեստագէտի 100-ամեակի շրջանին։ Անոնք հերթական անգամ կը ցոլացնեն վարպետի անկրկնելի հանճարը։
Այս ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձած է «Գրիգոր Խանճեան-100. ժամանակներու վկան» յոբելենական ցուցահանդէսը, որ մագնիսացուցած է գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2026