ISO-ԻՆ ՉՋՆՋԱԾԸ
Զաւեշտը կը շարունակուի:
Խաղաղութեան անհրաժեշտ «Այո՛»ները հաւաքելու սիրոյն, «ես կը հեռանամ», յայտարարեց մեր վարչապետը, «եթէ ժողովուրդը «Այո՛» ըսէ նոր սահմանադրութեան», բայց ճի՛շդ յաջորդ օրը յայտարարութիւնը փոխուեցաւ. եթէ «Այո՛»՝ ուրեմն յաջորդ ընտրութիւններուն, իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ ան, որպէս Հայաստանի վարչապետ:
Պետական այրի, երկրի մը վարչապետի պահուածքին մասին է խօսքը, պիտի ըսեմ, բայց շատո՜նց արդէն չէ՞ ոտնահարուած իրեն դիրք ու պաշտօնով մարդու մը հրապարակային խօսակցութիւններուն, յայտարարութիւններուն, անտեղի կատակներուն, անզուսպ զայրոյթի պահերուն հնչեցուցած գռեհիկ արտայայտութիւններուն մէջ պահպանուելիք բարոյականութեան ու քաղաքավարութեան նուազագոյն մակարդակը:
«Բա դուք խի՞ չէք զոհուել»՝ ըսածը մինչեւ այսօր դեռ անգերազանցելի է ինծի համար:
Ձգենք սուտ, դերասանական ու օր ըստ օրէ փոխուող-փոխուելիք խոստումները եւ անցնինք կարեւորին՝ Սահմանադրութեան նախագիծ եւ TRIPP. մեր կեանքերը փոխելիք, մեզ կանաչապատ դրախտները տանելիք կախարդական երկու գաւազանները:
Ուղերձ ունինք ընկալելիք եւ բացէ ի բաց չվազող տողատակեր ունինք՝ հասկնալիք:
Բայց մինչ այդ.
Մեր երկրի իշխանութեան շարքերուն մէջ անընդմէջ բեմականացուող այս զաւեշտներուն դիմաց՝ ազգային մեր նւաստացումները սուր կը խորանան.
Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած մարդոց նոր փաստաթուղթերուն մէջ որպէս «ծննդեան վայր»՝ «Ատրպէյճան» նշուած է:
Ուշադրութիւն. լրատուական միջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկութիւն մը չէ ասիկա, բարեկամնե՛ր. երանի՜ ըլլար: Այլ՝ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական պարզաբանումն է:
«Պարզաբանում» բառէն արդէն յստակ չէ՞, որ բացատրութիւն մը տրուած է այս եղածին.
Չընդունած բանդ կրնա՞ս բացատրել:
«Բազմիցս պարզաբանել ենք, հարկ ենք համարում եւս մէկ անգամ պարզաբանել»՝ նշուած է պարզաբանումին սկիզբը. դեռ բան մը չբացատրած՝ ասկէ աւելի նուաստացո՞ւմ:
Կրկնուած բան մը հասկնալու ունակութիւնը չո՛ւնեցող, հոգեմտաւոր ի՞նչ մակարդակի տէր մարդոց ուղղուած է այս պարզաբանումը:
Խնդիրը այլ տեղեր չտանինք, սիրելինե՛ր, անձի մը տուեալները արձանագրելու համար միջազգայի՜ն չափանիշներ կան:
Փա՛ստօրէն, «մեքենաընթերցուող» մարդուն ծննդեան վայրը նշելու տեղը ISO չափանիշով կը կարգաւորուի, որ ըստ պետութիւններուն, աշխարհագրականօրէն ընդունուած միաւորները կ՚ամրագրէ միա՛յն անձնագիրին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղ կա՞յ, որ որպէս ծննդավայր նշուի:
Իսկ եթէ քաղաքը նշուի, եւ ոչ՝ երկիրը, ինչպէս շատ մը անցագիրներու մէջ:
Լաւ, այդպիսի երկրի մը ըլլալը չընդունելու պարագային, անոր մէջի քաղաքներուն անուանումնե՞րը պիտի պահպանուին:
Եթէ պաշտօնապէս իրը չեղող՝ Հայաստանի վայրերը ատրպէյճանական անուանումներով կը հնչեցէ Ատրպէյճանը, ապա՝ իր «օկուբացրած» տարածքին մէջ հայկական Մարտունին ու Ասկերա՞նը պիտի պահէ…
Պարզաբանո՞ւմ է սա, թէ արատ:
Չընէիք, աւելի յարգելի էր:
«Մեքենաընթերցուող» մարդու մը անցած ամբողջ կեանքն ու յիշողութիւնը ինչ դիւրին է եղեր, ISO-ով ջնջել ու նորը գրել:
Միայն տեղահանուածներո՞ւն կը վերաբերի նոր յիշողութիւն մը կազմելու տենչագին այս փորձերը. այդպէ՞ս կը կարծէք: Երբե՛ք:
Արբանեակային նկարներով փաստուած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը երկրաչափական աշխատանք կը տանին Ջերմուկի, Սեւ լիճի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի շրջաններուն մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը, փոխ-վարչապետը, Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, հոս ալ ընելիք պարզաբանում մը չունի՞ն:
Ո՛չ: Յայտնուելիք տեղեկութիւն չկայ՝ փաստօրէն:
Եւս մէկ փաստ.
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները դժգոհութիւն յայտնեցին, վերջերս, Հայաստանի մէջ Մոնթէի մասին ֆիլմ մը ստեղծելու կապակցութեամբ՝ յայտարարելով, թէ նման ֆիլմ մը հակառակ է այսօրուան խաղաղութեան գործընթացին:
Խաղաղութեան գործընթա՞ց:
«Ներողութեան» զուգահեռ՝ Պաքուն երկու հարիւրէ աւելի զանգուածային գերեզմաններու մասին տեղեկութիւններ կ՚ակնկալէ Հայաստանէն:
Վերադարձ ու տուներ, 1918-ի իրաւայաջորդ Ատրպէյճան… ի՞նչ գործընթացի մասին է խօսքը:
Լա՛ւ: Ֆիլմը արտադրողը պնդած է, որ քաղաքական յղում մը չունի նախագիծը, եւ նպատակը հերոսին կերպարը երիտասարդութեան ներկայացնելն է:
Մինչեւ հոս՝ զարմանալի չէ եւ ակնկալելի:
Ահա մեզ հետաքրքրողը.
Նկարահանումէն օրեր առաջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրաժարած է տրամադրել Մոնթէի պատերազմական տեսարանները:
«Մոնթէ»ին վերաբերող ֆիլմի մը մէջ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եթէ ոչ՝ պատերազմական տեսարաններ:
«Ֆիլմը մի՛ նկարէք», ըսելու «պաշտօնական» ձե՞ւն է ասիկա: Այդպէս ալ եղած է ու նախարարութիւնը պաշտօնապէս մերժած է աջակցիլ ֆիլմի արտադրութեան:
Սովետական շրջանը քննադատողները՝ սթալինեան պողպատեայ ձեռքին ու բռնատիրական թելադրանքներուն տակ ոտնահարուած արուեստին մասին կը խօսէին, կը խօսին…
Ճիշդ է, ի՛նչ խօսք, բայց այսօրուան թելադրողներուն մասին ինչո՞ւ չեն խօսիր:
Անկախութեան հռչակագիրին հեռացումով ու Սահմանդրութեան փոփոխութեամբ կը դողանք մեր պետականութեան, ինքնիշխանութեան, լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին, ինքնութեան ու դարաւոր յիշողութեան վրայ, որոնք պիտի կորսուին:
Խաղաղութեան փոխարէն գործող «կորուստի գործընթաց»ին մէջ, վստա՞հ ենք, որ վերոյիշեալները դեռ «պիտի կորսուին…»:
ISO-ին ջնջածը, մենք պիտի յաջողի՞նք պահպանել:
«Դուք Արեւմտեան Հայաստան ու Արցախ էք երազում, ուրիշներն էլ Արեւմտեան Ատրպէյճան ու Արեւելեան Թուրքիա են երազում…», ըսաւ մեր «Հայ» վարչապետը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն…
Թուրք ո՛եւէ առաջնորդ մը այսպիսի համեմատութիւն մը ըրած կրնա՞յ ըլլալ:
Գիտելիքը չունիմ, բայց կը կասկածիմ:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ