ԵՐԿՈՒ ՆՈՒՐԲ ԽՆԴԻՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի նոր Սահմանադրութեամբ կ՚առաջարկուի՝ պատերազմի ծիները փոխարինել խաղաղութեան, զարգացման եւ անկախութեան ծիներով։ «Երբեք գայթակղութեան չտրուիք՝ մտածելով, թէ մենք սա կ՚ընենք արտաքին ճնշումներու տակ կամ ուրիշի համար», յայտարարեց վար-չապետը։
Երէկ, Հայաստանի մէջ թէ՛ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ եւ թէ TRIPP-ի գործնական աշխատանքները պաշտօնապէս սկսան։ Այս երկուքը համընկնեցաւ նոյն օրուան, ինչ որ առանձնապէս ուշագրաւ էր՝ քանի երկու նուրբ խնդիրներ են Հայաստանի եւ համայն հայութեան տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ուաշինկթընէն, Թեհրանէն եւ Պաքուէն յայտարարութիւններ հնչեցին այս փուլին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ իշխանութիւններու կողմէ պատրաստուած նոր Սահմանադրութեան նախագծի հրապարակման կապակցութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ «Նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն վերջ մենք պիտի ստորագրենք եւ պիտի վաւերացնենք խաղաղութեան պայմանագիրը», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը անդրադարձաւ նոր Սահմանադրութեան նախագծէն Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի յղումին դուրս թողուած ըլլալու հանգամանքին. բան մը, որ մեծ աղմուկ եւ մտահոգութիւն յառաջացուցած է, ծնունդ տուած է տարակարծութիւններու։ «Սա, այո՛, հրաժարում մըն է Անկախութեան հռչակագրէն, այսինքն՝ հակամարտութեան տրամաբանութենէն», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։
Հարկ է նշել, որ նոր Սահմանադրութեան նախագծին մէջ փոփոխութեան ենթարկուած են նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ բանաձեւումները։ Անշուշտ, ներկայ իշխանութիւնները, որոնք ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, այս փուլին այդ վերաբանաձեւումները ըրած են համապատասխան մտադրութեամբ։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունուիլը Հայաստանի ներքին գործն է։
Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ պաշտօնական պատգամով մը ազդարարեց TRIPP նախագիծի աշխատանքներու գործնական սկիզբը։ Սա յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ չափազանց լուրջ նշանակութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ՝ քանի երկրի ընդհանուր ապաշրջափակման հեռանկարը կ՚ուրուագծէ, յամենայնդէպս, այս պարագային ալ կան մտահոգութիւններ եւ մեկնաբանութիւնները միանշանակ չեն։ TRIPP-ի գործնական պաշտօնական մեկնարկին օրը Նիկոլ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու կամ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ կատարուած ազդարարութիւններուն զուգահեռ՝ Թեհրանէն եւ Ուաշինկթընէն ալ հնչեցին յայտարարութիւններ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնական պատգամ մը հրապարակեց այս կապակցութեամբ։ Իսկ Իրանի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան հաւաստիացուցած է, թէ Իրանի սահմանին վրայ ռազմական կամ անվտանգութեան ուժեր պիտի չտեղադրուին։
Այս համայնապատկերին վրայ Հայաստանի կացութիւնը իսկապէս շատ ուշագրաւ է։ Երկրին տեսակէտէ երկու նուրբ խնդրի վերաբերեալ պատմական հրապարակումները համընկնած են նոյն օրուան։ Յամենայնդէպս, Ուաշինկթընէն, Թեհրանէն եւ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Երեւան բոլոր բախտորոշ ծրագրերը յառաջ կը տանի՝ ներքին քաղաքական աննախընթաց բեւեռացեալ իրավիճակի մը մէջ։ Այս պարագան մեկնաբաններու ուշադրութենէն չի սպրդիր եւ Հայաստանի տեսակէտէ սահմանափակ ներուժով երկրի մը տեսակէտէ կը մը-նայ միշտ խնդրայարոյց։