ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԿԱՊԵՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն այցելեց Լոնտոն, ուր ընդունուեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվէթ Քուփըրի կողմէ։ Երկօրեայ շփումներու ծիրէն ներս նախարարը տեսակցեցաւ խորհրդարանականներու հետ, նաեւ ելոյթ մը ունեցաւ Օքսֆորտ համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան կեդրոնի եւ Աշխարհակարգի ծրագրի կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։
Հաքան Ֆիտան եւ Իվէթ Քուփըր ստորագրեցին Թուրքիա-Անգլիա ռազմավարական գործընկերութեան շրջանակային փաստաթուղթը, որ քայլ մըն է դէպի Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգութեան ու կայունութեան ճանապարհին կողմերու ամուր կամքի ընդգծումը։ Փաստաթուղթը հետամուտ է Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ այժմու ռազմավարական համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի ամրապնդելու։
Ֆիտանի եւ Քուփըրի ստորագրած փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է, որ ՆԱԹՕ-ի կարեւորութիւնը կը բարձրանայ քաղաքական ու ռազմական առումով։
Իվէթ Քուփըր Հաքան Ֆիտանի հետ տեսակցելէ ետք, ընկերային ցանցերու վրայ շեշտեց, որ մինչ Մերձաւոր Արեւելքի կացութեան դիւանագիտական լուծում մը կ՚որոնուի՝ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ համաշխարհային անվտանգութեան տեսակէտէ անհրաժարելի գործընկեր մը։