ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑ

Պէյօղլուի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ բացառիկ նշանակութիւն ունէր Պոլսոյ հաւաքական յիշողութեան պահպանման տեսակէտէ։ Այսպէս, յայտնի արուեստագէտ Ումութ Մեթէ Սոյտան պատրաստած է պատմական «Նարմանլը» խանի վերաբերեալ փաստավաւերագրական ֆիլմ մը։ Բերայի ամենանշանաւոր պատմական շինութիւններէն մին է «Նարմանլը» խանը, ուր 1967-1999 թուականներուն գտնուած են նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի տպարանն ու խմբագրատունը։ Այս կոթողային կառոյցը Պոլսոյ ճարտարապետական դիմագիծի անանտեսելի բաղադրիչներու շարքին կը դասուի։ Ումութ Մեթէ Սոյտան, որ բեմադրած է «Նարմանլը» խանի վերաբերեալ այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը, իսկապէս հսկայական գործ մը տեսած է։ Հակառակ անոր, որ այդ ծրագրին ձեռնարկելու ժամանակ իր ոլորտէն ներս եղած է անփորձ, ան յաջողած է խորքային ձեւով պատկերացնել նիւթը ու ներթափանցել հետաքրքրական բոլոր ծալքերուն։ Արդիւնքը եղած է իսկապէս ողջունելի եւ այս ֆիլմը շարժանկարի ոլորտէն ներս բաւական յաւակնոտ մուտք մը ապահոված է բեմադրիչ Ումութ Մեթէ Սոյտանին։

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ֆիլմերու բաժանմունքի խրախուսանքով արտադրուած այս ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ «Պէյօղլու» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ, որ կը գործէ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Առաջին փուլին ներկայացուեցաւ ֆիլմը, իսկ անդրանիկ ցուցադրութեան յաջորդեց ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին բեմադրիչ Ումութ Մեթէ Սոյտան եւ արուեստաբան փրոֆ. Զէյնեփ Ինանքուր։

Ֆիլմին մէջ Բերայի նշանաւոր «Նարմանլը» խանը հանդիսատեսին կը մատուցուի պատմական հանգամանքներով, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններով, տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ փոփոխութեան ենթարկուած օգտագործման նպատակներով եւ, ի վերջոյ, բնակիչներով։ Կոթողային այս կառոյցը, որ Բերայի բոլոր անցորդներու ուշադրութիւնը կը գրաւէ, բեմադրիչ Ումութ Մեթէ Սոյտանի ուրոյն ոճով ու բացառիկ վարպետութեամբ կը մատուցուի  հեքիաթացած ձեւով։ Այդ հեքիաթը բեմադրիչին կողմէ հիւսուած է մէկ կողմէ շէնքի փառաւոր ու փառաշուք, իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտի ցոլացմամբ, իսկ միւս կողմէ բնակիչներու խայտաբղէտ պատկերին նկատմամբ բացառիկ ուշադրութեամբ։ Արդիւնքը եղած է գերազանց՝ քանի այս փաստավաւերագրական ֆիլմը դարեր անդրանցնելու եզակի հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ։ Ռուսական կայսրութեան հիւպատոսարանը ըլլալով սկսած է հոյակերտ այս կառոյցի պատմութիւնը։ Աւելի վերջ, ան դադրած է դիւանագիտական նպատակով օգտագործուելէ՝ ունենալով նոր սեփականատէրեր, որոնց մականունով ալ անուանուելով հասած է մինչեւ մեր օրերը՝ որպէս «Նարմանլը» խան։

Թրքական գրական ու մտաւորական աշխարհի, գեղարուեստական շրջանակներու վառ ներկայացուցիչները տողանցած են այդ համալիրէն ներս, ուր իրենց առընթեր՝ բազմաթիւ նշանաւոր արհեստաւորներ ալ գործունէութիւն ծաւալած են։ Նկատի ունենալով, որ «Նարմանլը» խանի պարտէզը Պէյօղլուի մէջ դրախտային անկիւն մը կը համարուէր՝ ան ժամանցի համար այցելած բազում հիւրերու ալ համախմբման վայրը կը հանդիսանար։ Բացօթեայ սրճարան մը դարձած էր խանը, որու մէջ մարդիկ զանազան ծառայութիւններ կը ստանային։ Սրճարանէն մինչեւ նօտար, դերձակէն մինչեւ գորգագործ՝ այնտեղ կ՚ընդունէին իրենց յաճախորդները։ «Նարմանլը» խանը կը համախմբէր նաեւ քաղաքի փոքրամասնութեան շրջանակներէն կարեւոր անհատականութիւններ, որոնք ո՛չ միայն իրենց ընդգրկած ասպարէզներէն ներս համբաւաւոր էին, այլեւ խանի միջավայրը կը պայմանաւորէին։

Այս ամբողջին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ունեցած է բացառիկ տեղ մը։ Ումութ Մեթէ Սոյտանն ալ ժապաւէնին մէջ առանցքային հանգամանք մը համարած է, որ Թուրքիոյ անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն օրաթերթը տասնամեակներ շարունակ գտնուած է այդ համալիրէն ներս։ Ֆիլմին մէջ տեղ գտած են՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արտօնատէր Սարգիս Գօչունեանի, հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի վկայութիւնները։ Անոնք այս ժապաւէնով մատուցուած պատմութեան ապահոված են տարբեր խորք մը։ Նատիա Գօչունեան պատմած է թմբիի ծառերու բուրմունքը, որ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կը տիրէր խանի մթնոլորտին։

Արա Գօչունեան բացատրած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան հոլովոյթին մէջ երկու անգամ սերնդափոխութիւն տեղի ունեցած է, երբ արտադրանքը «Նարմանլը» խանի մէջ կը կազմակերպուէր։ Սարգիս Գօչունեան բացատրութիւններ տուած է խանի այն բաժիններուն մասին, ուր գործած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տպարանը կամ գտնուած է խմբագրատունը։ Ֆիլմի եզրափակիչ փուլին կը հնչեն Սարգիս Գօչունեանի բանաձեւումները, թէ ժամանակը ամէն ինչ կ՚առնէ ու կը տանի իր հետ։

Կարգ մը մասնագէտներու առընթեր, ֆիլմին մէջ վկայութիւններ տուած են նաեւ խանի վերջին բնակիչներէն ոմանք, որոնք եւս իրենց ապրումները բաժնելու ատեն առանձնապէս մատնանշած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութեան հանգամանքը։

Կալայի ընթացքին, ֆիլմի ներկայացման յաջորդած ասուլիսին ժամանակ Ումութ Մեթէ Սոյտան եւ փրոֆ. Զէյնեփ Ինանքուր հանդէս եկան ուշագրաւ խորհրդածութիւններով։ Անոնց ելոյթներէն վերջ, խօսք տրուեցաւ նաեւ ձեռնարկի կարգ մը մասնակիցներուն, որոնք ֆիլմին մէջ վկայութիւններ տուած էին։ Այս ամբողջին մէջ արտայայտուելու հրաւիրուեցաւ նաեւ Արա Գօչունեան, որ նշեց, թէ «Նարմանլը» խանը այսօր վերանորոգուած ու բոլորովին նոր դիմագիծ մը ստացած է։ Խանի մուտքին արձանագրուած են անունները այն բոլոր վառ դէմքերուն, որոնք այդ համալիրի շեմէն անցած են։ Ան ցաւ յայտնեց, որ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անունը զանց առնուած է այդ թուարկուածներու շարքին։ Գօչունեան յոյս յայտնեց, թէ այդ բացթողումը կը սրբագրուի։

Կալայի մասնակիցները հրաժեշտի փուլին ջերմօրէն շնորհաւորեցին Ումութ Մեթէ Սոյտանը՝ բարձր գնահատանք արտայայտելով իր կատարած աշխատանքին համար։

Հարկ է նշել, որ «Նարմանլը» խանի վերաբերեալ վաւերագրական ֆիլմը հասանելի է առցանց հարթակներու վրայ։ (https://youtu.be/nEHqZjBd2Fo?si=yUIGvD2ohujArsDL)

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026