ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԲԱՂԱԴՐԻՉ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան պայքարը կը սաստկանայ խորքային ձեւով՝ մանաւանդ մատակարարման ցանցերէն դէպի գերիշխանութեան որոնումներու բերումով: Երբեմնի Խորհրդային Միութենէն ետք, Չինաստան միանշանակ դարձած է գլխաւոր մրցակիցը: 21-րդ դարը սկսած է հետզհետէ աւելիով նմանիլ ժամանակաշրջանի մը, երբ մեծ ուժերու միջեւ բաժանումները կը խորանան։ 

Արհեստագիտութիւնը այլեւս պարզ զարգացման միջոց մը չէ, այլ՝ գերիշխանութեան հիմնական գործիք։ Այս ընդհանրութեան մէջ Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ մրցակցութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ մը, ուր հարցը այլեւս միայն շուկաները կամ արտադրութիւնը չէ, այլ՝ ամբողջական արհեստա-գիտական աշխարհակարգի ձեւաւորումը։ 

Այս նոր իրավիճակին մէջ «առաջատար» ըլլալը կը նշանակէ ո՛չ միայն նորարարութիւն ստեղծել, այլեւ վերահսկել այդ նորարարութեան ամբողջ շղթան՝ հումքէն մինչեւ արտադրութիւն, ծրագրային ապահովումէն մինչեւ տուեալներու հոսք։ Արհեստագիտական ինքնաբաւութիւնը կը դառնայ ազգային անվտանգութեան առանցքային բաղադրիչ մը, իսկ կախուածութիւնը՝ ռազմավարական խոցելիութիւն։ 

Ահա՛, թէ ինչո՞ւ մենք ականատես կը դառնանք ո՛չ միայն մրցակցութեան, այլեւ աստիճանական անջատման գործընթացի մը։ Մատակարարման ցանցերը կը վերաձեւաւորուին, համագործակցութիւնները կը սահմանափակուին, իսկ գիտական եւ ճարտարագիտական փոխանակումները կը քաղաքականացուին։ Այն ինչ երբեմն կը դիտուէր՝ որպէս համաշխարհայնացումի անխուսափելի ընթացք, այսօր կը փոխարինուի մասնատուած, իրարու հանդէպ կասկածամիտ համակարգերով։ 

Այս իրադարձութիւնները կը ստեղծեն երկբեւեռ կամ թերեւս բազմաբեւեռ արհեստագիտական իրականութիւն մը, ուր տարբեր աշխարհներ կրնան գոյակցիլ՝ տարբեր չափանիշներով, տարբեր կանոններով եւ նոյնիսկ տարբեր «ճշմարտութիւններ»ով։ Այս պայմաններուն մէջ ուժը այլեւս միայն զինուորական կամ տնտեսական ցուցանիշներով չի չափուիր, այլեւ՝ ո՛վ կը ձեւաւորէ խաղի կանոնները, ո՛վ կը սահմանէ չափանիշները եւ ով կը վերահսկէ ապագայի լեզուն՝ արհեստական բանականութիւնը։

Այսպէս, 21-րդ դարու մեծ մրցակցութիւնը աւելի ու աւելի կը հեռանայ դասական հակադրութիւններէն եւ կը վերածուի համակարգերու պայքարի մը՝ ո՛չ միայն պետութիւններու, այլեւ գաղափարներու, կառավարման համակարգերու եւ արհեստագիտական փիլիսոփայութիւններու միջեւ։

Չինաստան ունի նոր զէնք մը… «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան հաղորդումներով՝ Չինաստան կը կառուցէ ծայրայեղ մանիշակագոյն ճառագայթով (EUV) տպագրական մեքենայի նախատիպ մը, ինչ որ կարգ մը վերլուծաբաններու կարծիքով կը համարուի յեղափոխութեան ատաղձ։ Հաւանաբար, հինգ տարուայ ընթացքին Փեքին կարողանայ աւարտին հասցնել այս աշխատանքը։ Նկատելի է, որ ԱՄՆ-ն ալ նոյն ժամանակամիջոցին կը փորձէ նուազեցնել իր կախուածութիւնը չինական հազուագիւտ մետաղներէն։ Այսպէս, 2030 կամ 2031 թուականները կրնան արձանագրել ամերիկա-չինական արհեստագիտական անջատման աննախադէպ մակարդակ մը՝ զուգահեռ ելմտական եւ առեւտրական անջատման։ Եթէ նոր, արմատական արհեստագիտական յեղափոխութիւններ չյառաջանան, ապա Չինաստան կրնայ դառնալ ԱՄՆ-ի համար աւելի լուրջ մրցակից՝ քան անցեալի մէջ եղած էր Խորհրդային Միութիւնը։ Համակարգիչի գաղափարը ժամանակին նորարարական ցնցում մըն էր, որուն զարգացումը Խորհրդային Միութիւնը որոշ իմաստով անակնկալի բերաւ։ Սկզբնական փուլին խորհրդայինները ունեցան իրենց ներդրումները. օրինակ՝ եռաչափ հաշուարկի փորձերը (3D), սակայն, անոնք հետզհետէ գրեթէ ամբողջովին դուրս մնացին այդ ոլորտէն։ Քանի որ «խորհրդային դասեր»ը այսօրուան չինական ղեկավարութեան ուսումնասիրութեան հիմնական նիւթերն են՝ կը մնայ հարցնել. ո՞րն է կամ կրնայ ըլլալ Չինաստանի «զարմացնող ուժ»ը։ Անցեալին Խորհրդային Միութիւնը ստեղծած էր զէնք մը, որ փոխած էր 20-րդ դարու յեղափոխական պատերազմներու ընթացքը: Այդ զէնքը աժան էր. խօսքը «քալաշնիքով»ի մասին է: Պարզ, բայց արդիւնաւէտ է։ Արդեօք տրոնը որոշ տարբերակով կրնա՞յ դառնալ այդ «չինական քալաշնիքովը»։ Օրինակ՝ պարզ կառուցուածքով, ռատարներէն խուսափող, երկար տարածութիւններ թռչող (մինչեւ 4 հազար քիլօմեթր) սարք մը կամ մատչելի արհեստական բանականութեան ծրագիրներ, որոնք տրոնին կու տան ինքնուրոյն որոշումներու կարողութիւն։ Կամ գուցէ այդ քալաշնիքովը ըլլալ ռազմական հաղորդակցութիւններու խափանման պարզ եւ աժան ծրագիր մը։ Ցարդ նման յատկանիշներու համադրութեամբ չինական զէնք մը չենք տեսած՝ թէեւ տրոններու բաղադրիչներու համաշխարհային շուկան մեծապէս կախուած է չինական արտադրութենէն, սակայն, որոշ մարտավարական նորարարութիւններու մէջ յառաջընթաց արձանագրած են այլ երկիրներ։ Խափանման ոլորտին մէջ եւս առայժմ տեսանելի չէ նման «պարզ ու ազդեցիկ» արտադրանք մը, սակայն, խնդիրը միայն զէնքը չէ, այլեւ այն քաղաքական միջավայրը, ուր այդ զէնքը պիտի գործածուի։

«Քալաշնիքով»ը յաջողեցաւ այն ժամանակ, երբ ազգ-պետութեան ինքնիշխանութեան գաղափարը առնուազն տեսական կայունութիւն ունէր։ Այսօր այդ հասկացութիւնը կը թուլանայ։ Ինքնիշխանութեան դասական ընկալումը կասկածի տակ է, իսկ աշխարհաքաղաքական վերաձեւաւորումներու մասին քննարկումները աւելի բաց ու յաճախակի են։ Հաւանական է, որ ապագային որոշ երկիրներ զարգացնեն վերահսկողութեան եւ արհեստական բանականութեան այնպիսի համակարգեր, որոնք այլուր գոյութիւն չունին։ Այդ պարագային «չինական քալաշնիքով»ը կրնայ չըլլալ միայն ֆիզիքական զէնք մը, այլ՝ հարթակ կամ արհեստագիտական ճարտարապետութիւն մը, որ կը փոխէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Վերջապէս, հարցը նաեւ քաղաքական կազմակերպման ձեւին կը վերաբերի։ 20-րդ դարու յեղափոխական զէնքը կրելէ առաջ կը ստեղծուէին կուսակցութիւններ եւ շարժումներ, որոնք ծնունդ առած էին ազգ-պետութեան դարաշրջանին։ Եթէ այդ դարաշրջանը փոխուի, ապա դիմադրութեան ձեւերն ալ պիտի փոխուին։ Հաւանաբար ապագայի «քալաշնիքով»ը պիտի կրեն ո՛չ թէ դասական կուսակցութիւնները, այլ նոր տիպի՝ ցանցային կամ վերաձեւաւորուած կազմաւորումներ։ Այս բոլորին մէջ կարեւոր է տեսնել, թէ արհեստագիտական մրցակցութիւնը միայն սարքերու մրցակցութիւն չէ, այլեւ գաղափարներու, քաղաքական ձեւերու եւ ինքնիշխանութեան ըմբռնումներու պայքար մը։ «Չինական քալաշնիքով»ը, եթէ երբեւէ յառաջանայ, պիտի ըլլայ այդ լայն պատմական գործընթացին մէկ արտայայտութիւնը: 

Արհեստագիտական ինքնիշխանութիւնն ու համակարգային պայքարը անկարելի է տարանջատել: Այսպէսով, 21-րդ դարու արհեստագիտական մրցակցութիւնը չի՛ սահմանափակուիր նոր սարքերու ստեղծումով կամ շուկաներու տիրապետումով։ Այն աւելի խոր համակարգային վերաձեւաւորման գործընթաց մըն է, ուր ուժը կը վերաբաշխուի ո՛չ միայն պետութիւններու միջեւ, այլեւ գաղափարներու, կառավարման մեթոտներու եւ գիտելիքի վերահսկողութեան ձեւերու մէջ։ Այս իմաստով ներկայ շրջանը կարելի է ընկալել՝ որպէս անցումային փուլ մը, ուր հին աշխարհակարգի տրամաբանութիւնը աստիճանաբար կը նահանջէ, տեղը կը զիջի նոր ու տակաւին ամբողջովին չձեւաւորուած համակարգերու։

Չինաստան-ԱՄՆ մրցակցութիւնը այս փոփոխութեան ամենէն ցայտուն արտայայտութիւններէն մէկն է։ Սա կը ցուցադրէ, որ ապագայի աշխարհակարգը պիտի որոշուի ո՛չ միայն տնտեսական հզօրութեամբ կամ զինուորական կարողութեամբ, այլ՝ այն կարողութեամբ, որով պետութիւն մը կը յաջողի համադրել արհեստագիտական տնտեսութիւնը եւ քաղաքական կազմակերպումը մէ՛կ ու միասնական ռազմավարութեան մը մէջ։ Այս համադրութիւնը միայն նիւթական միջոցներու հարց մը չէ, այլեւ՝ կառավարման մշակոյթի, գիտելիքի կազմակերպման եւ երկարաժամկէտ տեսլականի։

Այս լոյսին տակ «չինական նոր զէնք»ի մասին հարցադրումը կը ստանայ աւելի լայն եւ խոր իմաստ մը։ Խօսքը այլեւս միայն զէնքի մասին չէ, այլ այն պարզ, մատչելի եւ բազմապատկելի գործիքի որոնման, ինչ որ կրնայ լայն զանգուածներու ձեռքը դառնալ ուժի լծակ եւ արմատապէս փոխել ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ նման գործիքները յաճախ ո՛չ թէ ամենաբարդ, այլ ամենապարզ եւ կիրառելի լուծումներու մէջ կը գտնուին։ Սակայն, ապագայի այդ «գործիք»ը պարտադիր չէ, որ ունենայ դասական, ֆիզիքական ձեւ մը։ Ան կրնայ ըլլալ հաղորդակցական ցանց մը, արհեստական բանականութեան համակարգ մը կամ նոյնիսկ ամբողջական արհեստագիտական միջավայր մը, որ կը վերաձեւաւորէ ո՛չ միայն պատերազմը, այլեւ քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ հասարակական յարաբերութիւնները։ Այս պարագային ուժը կը դառնայ աւելի անտեսանելի, բայց, միեւնոյն ժամանակ, աւելի համատարած եւ ներթափանցող։ 

Այս բոլոր զարգացումները կը յուշեն, որ ապագայի հակամարտութիւնները պիտի ըլլան ո՛չ միայն պետութիւններու, այլեւ ցանցերու, հարթակներու եւ գաղափարական համակարգերու միջեւ։ Դիմադրութեան ձեւերն ալ պիտի փոխուին՝ հեռանալով դասական կուսակցական եւ կազմակերպչական ձեւերէն վերածուելով աւելի ճկուն, ցանցային եւ բազմաշերտ կառուցուածքներու։ 

Ուստի, 21-րդ դարու մեծ մրցակցութիւնը պէտք է դիտարկել՝ ո՛չ թէ իբրեւ առանձին զարգացումներու շարք, այլ՝ իբրեւ մէկ ամբողջական պատմական գործընթաց, ուր արհեստագիտական քաղաքականութիւնը եւ գաղափարները փոխադարձաբար կը ձեւաւորեն զիրար։ Այս համայնապատկերին վրայ «չինական նոր քալաշնիքով»ը, եթէ երբեւէ յառաջանայ, պիտի ըլլայ ո՛չ միայն արհեստագիտական նորութիւն մը, այլ ամբողջ դարաշրջանի խորհրդանիշը՝ այն կէտը, ուր կը խտանան ուժի, գիտելիքի եւ իշխանութեան նոր ձեւերը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2026