ՆՈՐ ԴԵՐ ՄԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը միայն մէկ անգամ չէ, որ «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու մասին յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Վերջինը հետեւեալն է. «Իսրայէլէն յուսախաբուած եմ, որ առանց Լիբանանի մէջ շէնքեր քանդելու՝ չի կրնար բան մը ընել, «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարային ուժ տալու կը մօտենամ»:

Հիմա լուսարձակը կեդրոնացնենք այս յայտարարութեան վրայ եւ փորձենք տարբաղադրել այնտեղ ծուարած ուղերձները:

Նա՛խ, Իսրայէլի դէմ յուսախաբութիւնը: Այս յուսախաբութիւնը, նախորդ ակնարկները, բեմականացումներն ու սպառնալիքները նկատի ունենալով, այնպէս կ՚ընկալուի, որ յուսախաբութիւնը աւելի լայն տարածք մը ունի եւ չի սահմանափակուիր միայն այստեղ նշուած պատճառով: Յուսախաբութիւնը աւելի ընդհանուր է եւ կը հասնի այն իրողութեան, որ հակառակ ԱՄՆ-Իրան, թէկուզ տատանուող հրադադարին՝ Իսրայէլ իր յարձակումները ո՛չ միայն կը շարունակէր, այլեւ կը սաստկացնէր Լիբանանի դէմ:

Այս պարագային մատնացոյց եղող յուսախաբութիւնը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործած աւերներուն: Իսրայէլ ամբողջ տարածքներ կ՚աւերէ «Հիզպուլլահ»ը չէզոքացնելու իր ռազմարշաւի ընթացքին: Ըստ յայտարարութեան՝ այս վարքագիծէն դժգոհ է ԱՄՆ, որ կը տարանջատեն Լիբանանի աւերումն ու «Հիզպուլլահ»ի չէզոքացումը:

Անցնինք վերլուծման յաջորդ շղթային եւ անմիջապէս հետեւցնենք, որ «Հիզպուլլահ»ը չէզոքացնելը կը նշանակէ մնալ իբրեւ առաջադրանք, զոր մինչ այժմ չէ կրցած յաջողիլ Իսրայէլը:

Յուսախաբութեան այս երրորդ պատճառը, ըստ էութեան, նախաբանն է յայտարարուող առաջադրանքին` «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարը յանձնելու Սուրիոյ: Սակայն, եթէ նկատի ունենանք յայտարարութեան նախկին բաղադրիչները, ապա կը հետեւցնենք, որ Սուրիայէն կ՚ակնկալուի այս ձեւով՝ առանց Լիբանանը աւերելու լուծել «Հիզպուլլահ»ի խնդիրը:

Հիմա կեդրոնանանք այս առաջադրանքին վրայ: Լուծել, այս պայմաններուն մէջ կը նշանակէ ռազմական առումով թիրախաւորել միայն «Հիզպուլլահ»ը, առանց քանդելու յարակից տարածքներ եւ բնակավայրեր: Բայց, կայ այլ ուղերձ այս պարագային: Նախ այն, որ Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, թէ նախ իրեն առիթ կը տրուի համաձայնութեամբ լուծումի, հրադադարի ճամբով սկսիլ բանակցութիւններու եւ ամբողջովին կանգնեցնել ռազմական յարձակումները: Այլապէս, եթէ Իսրայէլ չ՚ուզեր միանալ տարածաշրջանային համաձայնութեան, ապա իրեն կ՚արգիլուի զինուորական գործողութիւններ իրականացնել Լիբանանի մէջ: Պատգամը այս պարագային համաձայնիլն է հրադադարին եւ սկսիլ բանակցութիւններուն:

Սուրիոյ յանձնելը, սակայն, Սուրիայով չ՚աւարտիր: Այսօրուան Սուրիան՝ յատկապէս իր զինուորական բնագաւառով, հիմնովին կախեալ է Թուրքիայէն: Դամասկոսին յանձնելը կը նշանակէ Անգարային յանձնել: Դամասկոսը պաշտօնապէս քանի մը առիթով պարզ դարձուց, որ ինք մտադիր չէ ստանձնելու նման թղթածրար մը եւ զօրքեր տանելու Լիբանան: Այս մէկը չի նշանակեր, որ եթէ ինք տրամադիր չէ, այլ կողմ մը՝ այս պարագային Անգարան, տրամադիր չըլլայ հարցի կարգաւորման համար դեր ստանձնելու:

Վերջերս էր, որ Թուրքիոյ նախագահը կէտեր կը նշէր իր երկրի անվտանգութեան աշխարհագրութեան համար. Կազզէ, Սուրիա, Լիբանան… «Համաս»ի ճամբով ներկայութիւն Կազզէի մէջ, գործող իշխանութիւններու եւ նոյնիսկ զինուորական գոյութեամբ ներկայ՝ Սուրիոյ մէջ. իսկ հիմա, Լիբանանի մէջ ազդեցութեան ոլորտներով տեսանելի Թուրքիոյ միջնորդաւորուած ձեւով առաջարկ մը կը կատարուի՝ զբաղելու «Հիզպուլլահ»ի թղթածրարով:

Թուրքիան այս մէկը կ՚ընկալէ՝ «Հիզպուլլահ»ի հարցի լուծման համար Իրանի հետ համաձայնութեան գալով: Իսրայէլը շրջանցելով, հանգուցային թղթածրարը Թուրքիոյ յանձնելու այս առաջարկով, ԱՄՆ տարածաշրջանէն ներս Իսրայէլ-Թուրքիա մրցակցութիւնը կը սրէ եւ փոխադարձ հակակշռի գործօններու խաղը կ՚աշխուժացնէ:

Այս յայտարարութիւններուն հիմնական ուղերձը Իսրայէլը հրադադարի համոզելն է եւ երթալը՝ բանակցութիւններուն: Այլապէս, այսօրուան իր մրցակից Թուրքիոյ կը վերապահուի նոր եւ կարեւոր դեր Իրանի հետ ռազմավարական նշանակութեամբ հարցեր կարգաւորելու: Ի հեճուկս Իսրայէլի…:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ 
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2026