ՆՈՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը միշտ կ՚ուղղորդուի բարձր մակարդակի շփումներով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այն շրջանին ակնկալութիւնները գագաթնակէտին հասած են՝ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգին շուրջ։ 

Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդատեանի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ, ուր երկու նախարարները մասնակցեցան՝ Եւրոմիութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի մը։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ուրալօղլու եւ Խուդատեան անդրադարձան՝ անցեալին երկու երկիրներու միջեւ օգտագործուած երկաթուղիներու եւ մայրուղիներու վերագործարկման վերաբերեալ հարցեր։ Թուրքիոյ մէջ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ վերանորոգման աշխատանքները սկսած են, իսկ Հայաստանէ ներս նախապատրաստութիւններու եւ մրցոյթներու կազմակերպման գործընթացները ծնունդ առած են։ Ուստի, նախարարները անդրադարձան ներկայ փուլի մանրամասնութիւններուն։

Ուրալօղլու եւ Խուդատեան կանգ առին նաեւ Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգութեան ծրագրին վրայ։ Պատմական Մետաքսի ճանապարհին վրայ կը գտնուի այս կառոյցը, որու վերանորոգման գործընթացը այս շրջանին Անգարա-Երեւան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ։ Սա կը համարուի՝ կողմերու համատեղ պատմութեան կարեւոր հետքերէն մին, ուստի անոր վերականգնման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը նախարարներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2026