ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը, որ Պաքու մեկնած էր՝ մասնակցելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանական միութեան 20-րդ նստաշրջանին։
Ալիեւ եւ Քուրթուլմուշ նշեցին, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղբայրական ու դաշնակցային յարաբերութիւնները յաջողութեամբ կը զարգանան զանազան ուղղութիւններով։
Բաց աստի, Նուման Քուրթուլմուշ համաժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա լիովին կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին եւ կը յուսայ, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս կը հաստատուի տեւական խաղաղութիւն։
Քուրթուլմուշի խօսքով՝ Անգարայի տեսակէտէ ողջունելի են Պաքու-Երեւան խաղաղութեան բանակցութիւնները, որոնք արդէն շօշափելի արդիւնքներ տուած են։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ կարգաւորման պարագային Կովկասէ ներս կը հաստատուի ամուր եւ վերջնական խաղաղութիւն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ալ կը պատահի նոյնը եւ տարածաշրջանը կը դառնայ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան տարածք մը: