ԴՐՈՒԱՏԱԼԻՑ ԽՕՍՔԵՐ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հիւրընկալեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն։ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ զուգադիպեցաւ Անգարայի մէջ նախատեսուած դաշինքի գագաթաժողովի ճիշդ նախօրեակին։ Այսպէս, ՆԱԹՕ-ի Անգարայի գագաթաժողովին շուրջ երկու շաբաթ մնացած է եւ ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի դաշնակիցներուն միջեւ որոշ հարցերու շուրջ տարակարծութիւնները կը շարունակուին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ՝ Տանըլտ Թրամփի եւ ուխտի Եւրոպայի դաշնակիցներու միջեւ յարաբերութիւնները հնարաւորինս հարթելու առաջադրութեամբ։
Սպիտակ տան ովալաձեւ այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Թրամփ-Ռութէ զրոյցը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցան Իրանի հետ պատերազմին եւ յաջորդած համաձայնութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Թրամփ նշեց, որ Եւրոպա Իրանի դէմ պատերազմին ժամանակ բաւարար ձեւով զօրավիգ չէր կանգնած ԱՄՆ-ին։ Այսպէս, ըստ Թրամփի՝ ԱՄՆ թէեւ ոեւէ մէկուն օգնութեան կարիքը չունի, սակայն, եթէ Եւրոպայի կարգ մը երկիրները զօրակցութեան յայտարարութիւններ ընէին, ապա այդ բանը իսկապէս հրաշալի կ՚ըլլար։ Այս ամբողջին մէջ ամերիկացի ղեկավարը մասնաւորապէս ակնարկեց՝ Անգլիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ նման երկիրներուն։
Իր կարգին, Մարք Ռութէ նշեց, որ թէեւ կարգ մը դաշնակիցներ ԱՄՆ-ին հիասթափութիւն պատճառած են, սակայն, Եւրոպայի դաշնակիցները դիրք գրաւած են ԱՄՆ-ի կողքին։
Ընդհանուր քարտուղար Ռութէ դիտել տուաւ նաեւ, որ ՆԱԹՕ-ի Եւրոպայի դաշնակիցները արդէն իրենց պաշտպանական ծախսերը կը բարձրացնեն՝ ընդառաջ Թրամփի ճնշումներուն։ Ռութէ խոշորացոյցի տակ բերաւ նաեւ ԱՄՆ-Եւրոպա ներդրումները։
Հանդիպման ընթացքին Մարք Ռութէ նշեց, որ ՆԱԹՕ-ի Անգարայի գագաթաժողովին համար անհամբեր է։ Իր կարգին, Թրամփ նշեց, որ շատերու համար կրնար այդ գագաթաժողովին չմասնակցիլ, սակայն, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին նկատմամբ ունեցած յարգանքին բերումով մասնակցութիւն պիտի բերէ գագաթաժողովին։