ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ - ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԵՐԱԶ

25 յուլիսին, 174 տարիներու հեռաւոր անջրպետէ նայելով ու վեր առնելով ծննդեան տարեդարձը Մինաս Չերազի (Պոլիս, 25 յուլիս 1852 - Փարիզ, 24 փետրուար 1929), կը մտաբերեմ 1850-1885 երկարող ժամանակաշրջանը, այս պարագային՝ Զարթօնքի սերունդի Կրտսեր ռոմանթիքներու գլխաւոր գրողները - Մատթէոս Մամուրեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Յակոբ Պարոնեան, Մինաս Չերազ - որոնց մէջ վերջինը նկատուած որպէս յառաջադէմ գաղափարներու պաշտպան մը, ազգային ջիղի ու նկարագիրի տեսակէտէ զատորոշուող անձնաւորութիւն մը, գործեց ո՛չ միայն Նահապետ Ռուսինեանի եւ Գրիգոր Օտեանի առաջնորդութեամբ ստեղծուած 1860-ի Հայոց Ազգային սահմանադրութեան հակոտնեայ, այլեւ նոյն գրական տղոց տրամադրութիւններէն տարբեր: 

Բաց աստի, իբրեւ կրթական մշակ, ազգային-քաղաքական գործիչ, հրապարակագիր եւ խմբագիր, բանաստեղծ եւ քրոնիկագիր, թարգմանիչ եւ քննադատ, աշխարհաբարի գրապայքարի կողմնակիցներէն մին, Մինաս Չերազի համբաւը տարածուեցաւ եւ մինչեւ այսօր ալ մելան սպառել կու տայ 1878-ին Խրիմեան Հայրիկի հետ Պերլինի նշանաւոր ու պատմական վեհաժողովին իր մասնակցութեան համար՝ իբրեւ քարտուղար, կոչուած՝ պաշտպանելու հայ դատը միջազգային եւ օտար հեղինակութիւններու առջեւ, ուրկէ՝ Պերլինէն վերադարձին, ան հրատարակութեան կը յանձնէր «Թէ ի՛նչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովէն» (1878, որուն ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը հրատարակեց անգլիական կառավարութիւնը իր «Կապոյտ Գիրք»ին մէջ), «Հայաստան եւ Իտալիա» (1879) եւ «Գրիչ եւ սուր» (1881) գրքոյկները: Նախապէս՝ 1874-ին, լոյս տեսած էր իր «Գրական փորձեր» հատորը, որուն մէջ ի մի բերուած էին իր տաղերն ու ճառերը, նամականին, առածները, գրական-քննադատական յօդուածները եւ այլն։

Յակոբ Օշականի բնութագրումով՝ Չերազի անունը «հոմանիշ է աննահանջ հայրենասէրի»: Նոյն Օշականի համաձայն, մեր գրականութեան Չերազի բերած մեծագոյն նպաստը կը համարուի ազգային-քաղաքական բովանդակութեամբ անոր խմբագրած էջերը, որոնց ընդմէջէն կ՚արտացոլան գրողին հայրենասիրական պոռթկումները, հայ դատին նուիրուած հերոսական ջանքերը, ինչո՛ւ չէ նաեւ իր միամիտի ակնկալութիւնները եւրոպական երկիրներէն՝ հայոց հին ու նոր արժէքները արեւմտեան հզօր տէրութիւններուն ծանօթացնելու եւ մեզի համար անոնց բարեկամութիւնը շահելու, ապա մեր երկրին անկախութի՜ւն բերելու երազով: Այս ուղղութեամբ կը խօսին Չերազի ֆրասներէն լեզուով հրատարակած պատմաբանասիրական երկերը, իր կատարած թարգմանական էջերն ու Լոնտոնի մէջ խմբագրած «L’Arménie» հանդէսը, մեզի յիշեցնելով դէպի Եւրոպա բացուելու ճիգերը Արշակ Չօպանեանի, հարկաւ չունենալով վերջինին գործին տիտանեան տարողութիւնն ու քաղաքական խորատեսութիւնը, գրականագիտական, աշխարհաքաղաքական հմտութիւնը:

Եւրոպական հանդէսներու իր աշխատակցութեան առընթեր, Չերազի ֆրանսերէնի թարգմանած արգասիքին կը պատկանին «Հայ բանաստեղծները» խորագրով Ռափայէլ Պատկանեանի, Պետրոս Դուրեանի, Խորէն Գալֆայեանի եւ այլ գրողներու նուիրուած ընտիր գործերը: Ֆրանսերէնով ստեղծագործած ապա զանոնք հրատարակած հատորներու շարքին են «Poétes Arméniens», «L’orient Inedit» եւ «Nouvelles Orientales»ը, որոնցմէ վերջինը ի՛նք է թարգմանած հայերէնի՝ «Արեւելեան վիպակներ» խորագիրի տակ, որմէ ունինք «Օհան Րէիզը» նշանաւոր պատմուածքը:

Ակնի «Չերազ» գիւղէն Կ. Պոլիս գաղթած եւ սնանկացած ամիրայի ընտանիքի մը զաւակն է Մինաս Չերազ, որ Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասի Ներսէսեան վարժարանին մէջ նախնական կրթութիւն մը ստանալէ յետոյ կը տեղափոխուի Նուպար Շահնազարեան վարժարան: Դեռ 18-ամեայ պատանի մը՝ կը սկսի խմբագրել «Երկրագունդ» ամսագիրը, այնուհետեւ գրականութիւն, պատմութիւն եւ այլ լեզուներ դասաւանդելով տեղի վարժարաններու մէջ: Բացի իր մայրենի լեզուէն տիրապետելով յունարէնի, թրքերէնի, անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի, 1876-ին, պատմական Հայաստանի մէջ կրթական մարզին զարկ տալու նպատակով եւ խումբ մը մտաւորականներու հետ կը հիմնէ «Արարատեան ընկերութիւն հայոց», «Դպրոցասիրաց արեւելեան ընկերութիւն» եւ «Կիլիկեան ընկերութիւն»ը, որոնք 1880-ին միաձուլուելով կոչուեցան «Միացեալ ընկերութիւնք հայոց»՝ իր կողքին հիմնադիր-ղեկավար ունենալով Արփիար Արփիարեանը: Ընկերութիւն մը, որ ուղեցոյց եղաւ յետագային 85 վարժարաններ բանալու պատմական Հայաստանի մէջ: Նոյն թուականին է, որ իբրեւ պատուիրակ Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքի (1837-1884), Մինաս Չերազ կ՚ուղեւորուի Անգլիա՝ տեսակցութիւն մ՚ունենալու Անգլիոյ վարչապետ Ուիլիամ Էուըրթ Կլատըսթընի (1809-1898) հետ, վերջինէն խնդրելու, որ մղիչ ուժ ըլլայ Պերլինի վեհաժողովէն ներս նախատեսուած բարենորոգումները իրականացնելու հարցին մէջ՝ Պոլսոյ հայկական գաւառներէ ներս:

1886-1889 թուականներուն Չերազ տնօրէն կը նշանակուի Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի: Խոյս տալով թրքական կառավարութեան հետապնդումներէն՝ Լոնտոն կը փախչի 1890-ին, ուր «Քինկս» քոլէճին մէջ կը հիմնէ ու կը ղեկավարէ հայերէն լեզուի ամպիոնը, կը հրատարակէ՝ ինչպէս նշուեցաւ՝ «L’Arménie» գրական-քաղաքական թերթը, որուն հրատարակութեան վայրը յետագային տեղափոխուելով Փարիզ՝ շարունակուեցաւ մինչեւ 1906 թուականը:

1908-ին, Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման տարին կրկին Պոլիս կու գայ Չերազ, որ կ՚ընտրուի Կ. Պոլսոյ Ազգային ժողովի նախագահ: Նոյն տարին՝ հայոց խնդրիներուն լուծում գտնելու նպատակով կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնները եւ կը հասնի այս անգամ Փեթերսպուրկ, Ռուսիոյ ցարին ու վարչապետին քով՝ուղեկցութեամբ Ամենայն Հայոց Մատթէոս Բ. Կոստանդնուպոլսեցի նորընտիր կաթողիկոսին, որ շատ չանցած պիտի վախճանէր 1910-ի դեկտեմբերին: Երկու տարի ետք Չերազի հայրենասիրական առաքելութիւնը այս անգամ կ՚ընդգրկուի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պօղոս Նուպարի գլխաւորած Ազգային պատուիրակութեան կազմէն ներս:

Իր սերնդակիցներէն շատերուն պէս, Մինաս Չերազի բանաստեղծութիւնները լոյսի բարիքին կու գան պատանի տարիքին: 1868-ին, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի մահուան առիթով «Մասիս»ի մէջ լոյս կը տեսնէ իր առաջին քերթուածը, նուիրուած վաղամեռիկ քերթողին՝ «Ի մահ Պէշիկթաշլեան» խորագրով, որ կը կրէ Զարթօնքի սերունդի ռոմանթիք զգայնութեանց քնարական շունչն ու կնիքը:

1926-ին, իր գրական գործունէութեան 60-ամեակին առիթով արտասանած իր ճառին մէջ դրուատելով Խորհրդային Ռուսաստանի դերը, Չերազ հետեւեալը ըսած է ի միջի այլոց. «… Տեղահանութիւնն ու ջարդը անապատի ու գերեզմանատան փոխեցին մեր վայրերը, սակայն հայութեան մոխիրներուն մէջէն Ռուսաստանը ծնաւ իբրեւ փիւնիկ: Այժմ հոն է մեր մխիթարութեան աղբիւրը, մեր յոյսերուն խարիսխը: Օգնե՛նք այդ երկրին՝ ի՛նչ վարչաձեւի տակ ալ ըլլայ անիկա: Վարչաձեւը առօրեայ է, հայրենիքը՝ յաւիտեան»:

Սոյն յոբելեանին առթիւ հաւաքուած 200 հազար ֆրանքը Չերազ կը յանձնէ ՀԲԸՄ-ի այն պայմանով, որ այդ գումարին միայն տոկոսը ստանայ մինչեւ իր մահը, որմէ ետք ամբողջ գումարը նուիրաբերուի Հայաստանին՝ Չերազի անունով վարժարան մը կառուցուելու նպատակով:

Այստեղ՝ գլխաւոր հարցումը.- Արդեօք գործադրուեցաւ ու իրականացա՞ւ Մինաս Չերազի այս փափաքը, որովհետեւ Հայկական Սովետական հանրագիտարանը գրողին կենսագրական տողերուն մէջ ակնարկութիւն մ՚իսկ չ՚ըներ անոր այս փափաքին:

Ըստ անստոյգ աղբիւրներու, 1936-ին, Փարիզէն Երեւան բերուած Կոմիտասի աճիւնին (որ քովիկը թաղուած էր Չերազի աճիւնին) հետ կը բերուի նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը եւ հանդիսաւորութեամբ կը թաղուի ու կ՚ամփոփուի Նուպարաշէնի դպրոցի բակին մէջ, որ ներկայիս կը կրէ Ղեւոնդ Ալիշանի անունը: Սակայն տարի մը ետք՝ 1937-ին, խորհրդահայ մտաւորականներու եւ արուեստի գործիչներու դէմ եղեռնակոծ տարին ու յատենի վարչակարգի ղեկավարութեան կարգադրութեամբ, Չերազի աճիւնը կրկին կը հանուի դպրոցին բակէն ու այս անգամ կը տարուի անյայտ ուղղութեամբ, հետեւեալ զրպարտութեամբ. «Դաշնակի գերեզմանն այստեղ ի՞նչ գործ ունի»:

Յետագային, Չերազի եղբօր թոռնուհին՝ Բիւրակն Չերազ եկաւ պարզել, թէ մեծ գրագէտին աճիւնը թաղուած է ներկայիս Նուպարաշէնի հիւսուածեղէնի գործարանի տարածքին, անմշակ ու ամայի վայրի մը մէջ:

Մինաս Չերազի անյայտ գերեզմանին նման, աշխարհի անյայտ խորշերու մէջ ցաւատանջ կը տառապին աճիւնները Եղիշէ Չարենցի, Ակսէլ Բակունցի, Վազգէն Շուշանեանի, Յակոբ Պարոնեանի եւ այլ մեծերու, որոնք իրենց անմահ գործերը կտակեցին հայ ժողովուրդին ու սերունդներուն՝ առանց արժանանալու գէթ վերջին անդորրի ու յաւիտենական նիրհի, ինչ-ինչ պատճառներով:

Ի՜նչ ըսենք, դժխե՜մ նսեհ հայ գրողի, որ զանազան աշխարհներու մէջ ազգային հարցերու լուծման ի խնդիր թափառած՝ դարձաւ կեանք մը երազ, եւ վերջաւորութեան իր աճիւնները անդորրացնող փոքր դամբան մ՚իսկ ունենալու արդար իրաւունքէ զրկուեցաւ։ 

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026