ՓԱՐԻԶԻ ԵՒ ՌԻԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԵՐ

Երէկ, Փարիզի եւ Ռիատի միջեւ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին առողջապահութեան, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներէն ներս կողմերու համագործակցութեան զարգացման: Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քննարկումներ ծաւալուեցան նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ Իրանի պատերազմին շուրջ: 

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանը: Այս վերջինը մարզական ձեռնարկի մը մասնակցելու նպատակով այցելեց Ֆրանսա: 

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մուհամմէտ պին Սելմանի Փարիզ այցելութիւնը կը համարուի կարեւոր հանգրուան մը: Տարածաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ՝ Ֆրանսա եւ Սէուտական Արաբիա միշտ համատեղ աշխտած են խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը խթանելու նպատակով: Ուստի, անոնք պիտի շարունակեն իրենց խորհրդակցութիւնները այս հարցերով:

«Մեր գործընկերութիւնը կը կառուցուի նաեւ գործողութիւններու միջոցով՝ խոշոր նախագծեր, յառաջատար թեքնոբանաութիւններ, ներդրումներ եւ միջազգային միջոցառումներ. օրինակ՝ Փարիզի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական տնտեսական համաժողովը», Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ այցելութեան առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ արձանագրեց Էմմանիւէլ Մաքրոնը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2026