ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցան բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցան այդ բանակցութիւնները, որոնց նպատակն էր լարուածութիւնը նուազեցնել Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի վերջին յարձակումներէն յետոյ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ բանակցութիւնները կեդրոնացան Իսրայէլի հարուածներուն, ձերբակալութիւններուն եւ թիրախային գործողութիւններուն վրայ՝ անոնց դադրեցման գործնական դրութիւններով, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու հարցերով հանդերձ: Արդարեւ, այդ համաձայնագիրը կրնայ հիմք ստեղծել ապագային աւելի լայն պայմանաւորուածութեան հասնելու համար:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ անոնց միջեւ մրցակցութիւնը դէպի Սուրիոյ տարածքը չտարածելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերը:
Բանակցութիւններուն առթիւ Սուրիա յայտարարեց, որ իր առաջնահերթ խնդիրները կը մնան Իսրայէլի ուժերու դուրս բերումը եւ 1974 թուականի ուժերու անջատման համաձայնագրի ամբողջական վերականգնումը:
Սուրիա նաեւ Իսրայէլի պատուիրակութեան նկատառման յանձնած է, որ չ՚ընդունիր այնպիսի պայմանաւորուածութիւններ, որոնք կը սահմանափակեն իր զինեալ ուժերը վերականգնելն ու զարգացնելը, ինչպէս նաեւ իր դաշինքներն ու գործընկերութիւնները որոշելու իրաւունքը:
Բանակցութիւններուն առթիւ Սուրիա կրկին ընդգծեց, որ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձրունքները Սուրիոյ տարածքներն են: Յամենայնդէպս, նշուած է, որ տարածաշրջանի վերջնական կարգավիճակի շուրջ քննարկումներուն համար տակաւին ժամանակը կանուխ է:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսաատ Շէյպանի վերջին օրերուն «Րէօյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած էր, որ Դամասկոս կ՚ակնկալէ, թէ Թել Աւիւի հետ անվտանգութեան շուրջ բանակցութիւնները շուտով կը վերսկսիկն: Ան թէեւ նշած էր, որ երկու կողմերու միջեւ առկայ է վստահութեան պակաս: Բանակցութիւնները դադարեցուած են Իրանի դէմ պատերազմի սկսելէն յետոյ: Շէյպանիի խօսքով՝ Սուրիա ամբողջութեամբ դադրեցուցած է կապը Իսրայէլի հետ անցեալ շաբաթուան հարուածներէն յետոյ: Ան ընգծած է նաեւ, որ տարուայ սկզբին կողմերը թուղթի վրայ համաձայնութեան հասած էին գրեթէ ամէն ինչի շուրջ՝ ներառեալ Սուրիոյ հարաւին անվտանգութեան գօտիներու ստեղծումը: Սակայն, Սուրիա կը կասկածի, թէ Իսրայէլ պատրաստ է իրականացնել այդ համաձայնագիրը:
Շէյպանիի եւ ՄՈՍՍԱՏ-ի ղեկեվար Ռոման Կոֆմանի նախընթաց օրուան հանդիպման առընթեր, դիւանագիտական ջանքերը կ՚ընդգրկեն նաեւ այլ ուղղութիւններ։ Սուրիոյ գծով ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ եւ Անգարայի մօտ դեսպան Թոմ Պարաք յայտնած էր, որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկխօսութեան ապահովուիլն ու հակամարտութիւնները կանխելու դրութեան մը ստեղծուիլը՝ Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ։