ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 81-րդ նստաշրջանի բացման փուլը առիթ դարձած է, որպէսզի պատգամներ փոխադարձուին Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ, որոնք կ՚ընթանան յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհով։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ վերահաստատեց նախօրէին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ նոյն ամպիոնէն հնչեցուած խօսքերը։ Այսպէս, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը յառաջ կը մղուի վճռականօրէն։ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ընդգծեց, որ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն մը հաստատուած է երկու երկիրներուն միջեւ։

Վարչապետ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ օրակարգի վրայ բերաւ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու հարցերը։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու մէջ լուծման կարիք կայ՝ քանի մը հազար կորուսեալներու ճակատագրի պարզաբանման։ Վարչապետը առանձնապէս անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն՝ ընդգծելով, որ որոշ շրջանակներ, երբեմն պաշտօնական մակարդակի վրայ կ՚օգտագործեն հակամարտութեան խօսոյթներ։ «Խաղաղութեան նկատմամբ հոգ տանիլը, զայն ամրապնդելն ու հաստատութենական դարձնելը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան հիմնական նիւթը պէտք է ըլլայ։ Արդէն երկուքուկէս տարիէ ի վեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրաձգութեան հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Կը կարծեմ, թէ սա այն մեծագոյն արժէքն է, որ ստեղծուած է վերջին տարիներու համագործակցութեամբ», ըսաւ Փաշինեան։

Ելոյթին ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ տարածաշրջանային կայունութեան եւ զարգացման գործին մէջ իրեն բաժին վիճակած ներդրումը կատարելը հայկական կողմը կը համարէ միջազգային խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման գործին մէջ իր առանցքային ընելիքը։

Փաշինեան Նիւ Եորքի ելոյթին ժամանակ կարեւոր բաժին մը յատկացուց TRIPP նախաձեռնութեան։ Իր խօսքով՝ անոր իրականացման ճանապարհին շօշափելի քայլերը արդէն իրականութիւն կը դառնան։ «TRIPP նախագծի իրագործումը պատմական նշանակութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Վաղ 90-ականներէն ի վեր առաջին անգամ Հայաստան երկաթուղային հաղորդակցութիւն պիտի ստանայ Ատրպէյճանի, այսպէսով նաեւ Ռուսաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Չինաստանի հետ։ Թէեւ պէտք է ընդգծել, որ 2025 թուականի օգոստոսի 8-ի խաղաղութեան գագաթաժողովէն վերջ, Ատրպէյճան բացած է իր երկաթուղին Հայաստանի համար եւ հիմա մենք Վրաստանի տարածքով երկաթուղային կապ ունինք Ատրպէյճանի հետ», ըսաւ Փաշինեան։

Ի լրումն այս բոլորին, վարչապետը ընդգծեց, որ TRIPP նախագծի իրագործումը Հայաստան-Ատրպէյճան երկաթուղային ուղիղ կապ կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանէն Ատրպէյճան, Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստանէն Հայաստան երկաթուղային կապ, որովհետեւ Հայաստան իր հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններուն միջեւ երկաթուղային կապ չունի եւ սա գործնականին մէջ հնարաւոր է միայն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքով, իսկ Ատրպէյճան երկաթուղային կապ չունի իր Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ եւ սա գործնականին մէջ հնարաւոր է միայն Հայաստանի տարածքով։ «Յառաջիկային մենք կը վերականգնենք Հայաստանի Հանրապետութեան Մեղրիի եւ Երասխի՝ Խորհրդային Միութեան ժամանակ գոյութիւն ունեցած եւ աւելի վերջ աւերուած երկաթուղային հատուածները եւ իմ նշած երկաթուղային հաղորդակցութիւնները կը բացուին», ըսաւ ան։

Բացի ելոյթէն, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ շարունակեց նաեւ երկկողմանի եւ այլ ձեւաչափերով բազում հանդիպումները։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդունուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ։ Վարչապետի եւ ընդհանուր քարտուղարի զրոյցին ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան՝ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման եւ երկուստեք հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ։

Նիկոլ Փաշինեանի Նիւ Եորքի զրուցակիցներու շարքին էին Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ այլ դէմքեր։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի հաւաքի շրջանակներէն ներս, Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ անոնք շեշտեցին Երեւան-Պաքու խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ անդրադառնալով 2025 թուականի Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթաժողովի պայմանաւորուածութիւններէն ի վեր արձանագրուած յառաջընթացին։ 

Միրզոյեան եւ Պայրամով յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Հայաստան-Ատրպէյճան տնտեսական եւ փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը։ Այս ամբողջին մէջ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրային եւ տարանցիկ համագործակցութիւնը մատնանշուած է՝ որպէս խաղաղութեան օգուտներու գործնական օրինակ։ 

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին բազմակողմանի զանազան հարթակներու վրայ դրական օրակարգ յառաջ մղելու հնարաւորութեան շուրջ։ Անոնք պայմանաւորուեցան շարունակելու համար իրենց ուղիղ երկխօսութիւնը։

  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2026