ԱՊԱԳԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց՝ Եւրոպական Միութեան եւ անդամ պետութիւններու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր՝ արձանագրուած ձեռքբերումներով եւ ապագայ առաջնահերթութիւններով հանդերձ։ Հարկ է յիշեցնել, որ նախընթաց օր ալ նման ձեւաչափով հանդիպում մը տեղի ունեցած էր՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու հետ ռազմավարական գործընկերութիւններու կնքումը, անոնց իրականացման ուղղութեամբ համատեղ ձեռնարկուած ջանքերը։ Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի երկու առաքելութիւններու գործունէութեան արդիւնաւէտ շարունակութիւնը, խաղաղութեան եւրոպական միջոցներու շրջանակներէն ներս համագործակցութեան ապագայ հնարաւորութիւնները, ժողովրդավարական դիմակայունութիւնն ու խառն սպառնալիքներու դիմակայելու կարողութիւններու ամրապնդումը եւս ժողովականներու ուշադրութեան առարկայ դարձան։ «Աճ եւ դիմակայունութիւն» ծրագրի հետեւողական իրականացումը, մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման գործընթացէն ներս աշխոյժ յառաջընթացը եւ այլ խնդիրներ շօշափուեցան ժողովականներուն կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Հայաստան-ԵՄ գործունէութեան ձեւաւորուած լայն օրակարգի համայնապատկերին վրայ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ թուային հաղորդակցութիւններու ցանցի ընդլայնման եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ TRIPP ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապակցուածութեան գործընկերութիւնը։

Հաւաքի մասնակիցները կանգ առին առեւտուրի տեսակաւորման, Հայաստանի եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու խթանման վրայ՝ ներառեալ հայկական արտադրանքի պարագային ԵՄ-ի կողմէ տրամադրուած ժամանակաւոր ինքնավար առեւտրային միջոցներու կիրառումը, արտահանման ներկայ դրական շարժը, յառաջիկայ ընելիքները։

Ժողովականները կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Նախարար Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման վերաբերեալ Երեւանի մօտեցումները՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026