ՄԱՀ՝ ՀԻՔՄԷԹ ՉԵԹԻՆԻ

Երէկ, Թուրքիոյ քաղաքական երկնակամարէն սահեցաւ իսկապէս հեղինակաւոր եւ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանացած դէմքի մը աստղը. ոչ եւս է Հիմքէթ Չեթին։ 89 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Հիմքէթ Չեթին, որ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Ան մօտաւոր անցեալին եղած էր երկրի քաղաքական թատերաբեմի տիրական դերակատարներէն մին՝ մանաւանդ, որ կեդրոն-ձախամէտ ճամբարի առաջատար անուններէն մին էր։ 

ՃՀՓ-ի, ՍՀՓ-ի նման կուսակցութիւններու մէջ զանազան շրջաններով վարած էր բարձրաստիճան պաշտօններ։ Միջոց մը եղած էր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ։ Բաց աստի, Հիքմէթ Չեթին եղած էր Ազգային մեծ ժողովի նախագահ, փոխ-վարչապետ, նաեւ արտաքին գործոց նախարար։ 19 նոյեմբեր 2003 թուականէն սկսեալ, մինչեւ 24 օգոստոս 2006 թուականը՝ եղած էր ՆԱԹՕ-ի Աֆղանիստանէ ներս աւագ քաղաքային ներկայացուցիչը։ 

Հիքմէթ Չեթին, որ 1990-ական թուականներու սկիզբին վարած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօն, այդ ժամանակաշրջանին բաւական շինիչ վերաբերմունք ցուցաբերած էր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2026