ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս պատերազմը դուրս եկած է վերահսկողութենէ։ Այսպէս, ըստ իրեն՝ պատերազմը չափազանց հեռու գացած է, իսկ աշխարհ կը բախի աւելի լայն հակամարտութեան, համաշխարհային տնտեսական ցնցման սպառնալիքներու եւ մարդկային տառապանքներու աճի։ 

Ընդհանուր քարտուղար Կութերես համոզուած է, թէ ժամանակն է դադրեցնել լարուածութիւնը եւ անցնիլ դիւանագիտութեան՝ վերադառնալով միջազգային իրաւունքի նկատմամբ լիակատար յարգանքի։ 

Դիմելով հակամարտութեան կողմերուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին՝ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ դադրեցնեն պատերազմը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կոչ մըն ալ ուղղեց Իրանին, որպէսզի դադրեցնէ յարձակումները հարեւան երկիրներու վրայ, որոնք հակամարտութեան կողմ չեն։ 

Կութերես յատկապէս նշեց, որ Հիւրմիւզի նեղուցի փակումը կը խեղդէ նաւթի, կազի եւ պարարտանիւթերու մատակարարումները համաշխարհային ցանքի եղանակի կարեւորագոյն պահուն։ Աւելի՛ն, պատերազմի հետեւանքները ամենաշատը կը հարուածեն մոլորակի ամենաաղքատ եւ ամենախոցելի մարդիկը։ 

Միւս կողմէ, Կութերես անձնական ներկայացուցիչ մը նշանակեց՝ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը համակարգելու համար։ Այդ անձնական ներկայացուցիչն է Ժան Առնօ, որ 2021-ին եղած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչը Աֆղանիստանի եւ տարածաշրջանի հարցերով։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026