ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՕ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն: Վերջին շրջանին Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ երթեւեկը բաւական բանուկ է՝ բարձր այցելութիւններու մակարդակի առումով: Մօտաւոր անցեալին ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս այցելած էր Երեւան, իսկ այժմ կը յաջորդէ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ: Յամենայնդէպս, Ռուպիոյի այցելութիւնը կը համընկնի ժամկէտի իմաստով կարեւոր հանգրուանի մը: Արդարեւ, Ռուպիօ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու ճիշդ նախօրեակին կ՚այցելէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի իշխանութիւններուն կողմէ: Միեւնոյն ժամանակ, Ռուպիոյի Հարաւային Կովկաս ժամանումը կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ԱՄՆ-Իրան հաշտութեան որոնումներուն տեսակէտէ բաւական նուրբ ժամանակահատուածի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ: Ռուպիօ կ՚այցելէ Իրանի հարեւան Հայաստան, ուրկէ կու տայ թարմ պատգամներ՝ պատերազմի աւարտման եւ համաձայնութեան հեռանկարներուն շուրջ: 

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Մարքօ Ռուպիօ կ՚ունենան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները: Նախատեսուած է նաեւ կողմերու միջեւ շարք մը փաստաթուղթերու ստորագրումը: Պաշտօնական աղբիւրները փաստաթուղթերու բովանդակութեան շուրջ ոչինչ հաղորդած են: Երեւանի մէջ նախատեսուած է նաեւ Միրզոյեանի եւ Ռուպիոյի համատեղ մամլոյ ասուլիսը:

2014 թուականին ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղարներէն Հիլըրի Քլինթըն այցելած էր Երեւան: Մարքօ Ռուպիոյի այցելութիւնը առաջինն է այդ թուականէն ի վեր: Ռուպիօ կարճատեւ, տարանցիկ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր պիտի չգիշերէ: Ան Հնդկաստանէ վերադարձի ճանապարհին կը հանդիպի Հայաստան: Երեւանի մէջ իր ծրագիրը կը տեւէ քանի մը ժամ: Արարատ Միրզոյեանի եւ Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ նախատեսուած է կէս ժամուան հանդիպում մը՝ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: Յետոյ կը ստորագրուի երկու երկիրներու միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր մը: 

Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու՝ ամերիկեան օրակարգը այժմ Հարաւային Կովկասէ ներս ունի երկու հիմնական առաջնահերթութիւն: Առաջինը՝ TRIPP նախագիծի կեանքի կոչուիլն է, իսկ երկրորդը՝ Իրանի շուրջ օղակի սեղմուիլը: Ի դէպ, TRIPP-ը նոյնպէս կը դիտարկուի՝ Իրանի դէմ քաղաքականութեան համատեսքին մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026