ՀԱՅԱԶԳԻ ՈՒԻԼԻԸՄ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանապետ նշանակուեցաւ հայազգի պաշտօնեայ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Կլենտէյլի ոստիկանապետի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ հայազգի պաշտօնատար մը: Ծանօթ է, որ Կլենտէյլը Գալիֆորնիոյ հայաշատ քաղաքներէն մին է:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ ոստիկանական համակարգէն ներս շուրջ քսանչորս տարի ծառայութիւն մատուցելէ վերջ հայազգի Ռապըրթ Ուիլիըմ նշանակուած է ոստիկանապետ: Այս վերջինը ծառայողական տարբեր աստիճաններէ յաջողութեամբ անցած ըլլալով՝ հասած է այժմու մակարդակին: Հայազգի Ռապըրթ Ուիլիըմ Կլենտէյլի արդէն 21-րդ ոստիկանապետն է:
Նշանակուելէ վերջ Ռապըրթ Ուիլիըմ նշեց, որ իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան՝ քաղաքի անվտանգութեան պահպանումն ու զանազան համայանքներու հետ սերտ համագործակցութիւնը: «Հպարտ եմ, որ դարձած եմ Կլենտէյլի առաջին հայազգի ոստիկանապետը: Սակայն, իմ նպատակը երբեք առաջին հայ ոստիկանապետը դառնալ չէ եղած: Իմ նպատակը եղած է դառնալ այնպիսի ոստիկանապետ մը, որ կրնայ քաղաքը անվտանգ պահել», նշեց այս առթիւ ան:
Ռապըրթ Ուիլիըմ նշեց, որ հայկական ինքնութիւնը մշտապէս կարեւոր դեր ունեցած է իր կեանքէն ներս, սակայն, ինք հայկական ազգանուն մը չունի: «Հայրս ասորի եւ հայ է, մայրս՝ հայ: Մենք տան մէջ միայն հայերէն խօսած ենք», արձանագրեց նորանշանակ ոստիկանապետը:
Ռապըրթ Ուիլիըմ, միեւնոյն ժամանակ, յայտնեց որ իր նշանակումը կրնայ օրինակ ծառայել երիտասարդներու՝ մասնաւորապէս հայ երիտասարդներու համար: «Եթէ երիտասարդները տեսնեն, որ այս ճանապարհը բաց եղած է ինձ համար, ապա կը հասկնան, որ այդ մէկը բաց է նաեւ իրենց համար», նշեց ան: