Ուրբաթ 26, Յունիս 2026
«CHANCELLOR՚S PROFESSOR» ԿՈՉՈՒՄ
Ամերիկահայ ակադեմական տքթ. Հուրի Պէրպէրեան «Chancellor՚s Professor» կոչման արժանացած է Գալիֆորնիոյ Համալսարան-Իրվինէն (UCI) ներս։ Ան այս համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօսներէն է, միեւնոյն ժամանակ, Հայկական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհին։ Վերոյիշեալ համալսարանէն ներս կը գտնուի այս կարգավիճակով ինն ակադեմական, որոնցմէ մին է Հուրի Պէրպէրեանը։
Տքթ. Հուրի Պէրպէրեանի արժանացած «Chancellor՚s Professor» կոչումը կը տրուի այն ակադեմականներուն, որոնք համալսարանական կեանքէն ներս կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւն։ Տքթ. Հուրի Պէրպէրեան, որ այս կալուածէն ներս ունի տասնամեակներու վաստակ մը, այժմ իր նուիրումով կը գնահատուի այս կոչման արժանացած ըլլալով։
Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026