ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԳԼՈՒԽԸ

Հայաստանի մէջ ներկայ ամսուան սկիզբին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն վերջ, արդէն պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին՝ նորընտիր խորհրդարանի անդրանիկ նիստին ընդառաջ։ Ազգային ժողովի նոր կազմը յառաջիկային աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ եւ այս փուլի սեմին՝ խորհրդարանէն ներս ջախջախիչ մեծամասնութեան տիրացած «Քաղաքացիկան պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը աշխատանք կը տանի՝ ներկայացնելու համար խորհրդարանի դիւանին մաս կազմելիք դէմքերու իր թեկնածուները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած եւ իշխանութիւնը պահելու իրաւունք շահած ՔՊ-ն արդէն կուսակցական ներքին աշխատանքով որոշած է, թէ յառաջիկայ շրջանին խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար ո՞վ պիտի առաջարկէ։ Իշխանական կուսակցութիւնը որոշած է խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու առաջադրել Ռուբէն Ռուբինեանը, որ նախապէս խորհրդարանի փոխ-նախագահն էր։

Ըստ երեւոյթին, վերջին տարիներուն Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը վարած Ալէն Սիմոնեան նոր շրջանին ուրիշ առաքելութիւն մը պիտի ստանձնէ։ ՔՊ-է ներս որոշում ընդունուած է, որպէսզի խորհրդարանի նախագահի թեկնածու առաջադրուի Ռուբէն Ռուբինեան, որ ամենայն հաւանականութեամբ այս պաշտօնին մէջ պիտի յաջորդէ Ալէն Սիմոնեանին։

ՔՊ-ի կողմէ Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութեան առաջադրումը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, Ռուբէն Ռուբինեան վերջին տարիներուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս եղած էր Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ ներկայացուցիչը, որ ծաւալուն աշխատանք տարած էր իր թուրք պաշտօնակցին՝ դեսպան Սերտար Քըլըչի հետ։ Այս վերջինն ալ արդէն շնորհաւորած է Ռուբինեանը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026