Ուրբաթ 26, Յունիս 2026
ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը։ Այսպէս, Բժիշկներու համաշխարհային նուագախումբը բարեգործական համերգով մը հանդէս եկաւ՝ նուագակցութեամբ աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեանի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը կը տրամադրուի՝ շաքարախտէ տառապող հազար երեխայի բուժման։ Երաժշտասէրներուն տեսակէտէ բացառիկ վայելք մը դարձաւ այս համերգը, որու ընթացքին հնչեցին որոտընդոստ ծափահարութիւններ։
Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026