ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս Ղարաբաղի շարժումը շարունակելու ուղղեալ բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին։ Արդարեւ, շարժման տեւականացման պարագային Ատրպէյճանի արձագանգը պիտի ըլլայ հայելային։ Վարչապետը համոզուած է, թէ վերջին շրջանին այս պատճառով աշխուժացած է նաեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի խօսոյթը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին ան յայտնեց, որ երկրի կառավարութեան կազմը փոփոխութեան մը պիտի չենթարկուի՝ ընտրութիւններու յաջորդած գործընթացին մէջ։

Մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ վարչապետ Փաշինեան կանգ առաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւն (ԵԱՏՄ) յարաբերութիւններուն վրայ։ «Եթէ չկայ ապրանքներու, ծառայութիւններու, աշխատուժի եւ ելմտական միջոցներու ազատ հոսք, ուրեմն չկայ նաեւ ԵԱՏՄ», ըսաւ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ կազմակերպութիւնը պէտք է յստակ պատասխանէ, թէ կա՞յ կամ ոչ։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հայաստանի արտադրութիւններու պարագային սահմանափակումներ եւ արտահանման արգելքներ կը գործադրուին՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի կողմէ։ Այս նիւթին շուրջ խօսելով՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ նման երեւոյթ մը հանդուրժելի կրնայ ըլլալ մէկ, երկու կամ երեք ամիս, սակայն եթէ աւելի երկարի, ապա հայկական կողմը համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէ։ Բաց աստի, վարչապետը ընդգծեց, որ ԵԱՏՄ-ի վարչապետներու ժողովին ժամանակ կը պատրաստուի համապատասխան խնդիրները օրակարգի վրայ բերելու։

Ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ TRIPP նախագծի մասին։ Ըստ իրեն, այդ մէկը կը գտնուի աշխատանքային փուլի մը մէջ եւ անոր իրականացման ճանապարհին քաղաքական կամ ելմտական բնոյթով խոչընդոտ մը գոյութիւն չունի։

«Կայ շարունակական աշխատանքային գործընթաց մը։ Եթէ ոչ ամենօրեայ, ապա առնուազն ամէն շաբթուայ կտրուածքով կը քննարկուին ճարտարագիտական, նախագծային, ելմտական եւ լոժիստիք հարցերը։ Այսինքն, գործընթացը կ՚ընթանայ յառաջ եւ եթէ թեքնիք խոչընդոտները չխանգարեն, այս տարի կը փափաքինք արդէն գետնի վրայ տեսնել շինարարական աշխատանքները», ըսաւ վարչապետը։

Անդրադառնալով Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ յառաջիկային կը նախատեսուի վաւերացնել երկկողմանի կարեւոր՝ արդէն նախաստորագրուած փաստաթուղթը եւ անցնիլ այդ մէկուն գործնական իրականացման փուլին։

Միւս կողմէ, Փաշինեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակից վարչապետները ընդգծեցին երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը։ Անոնք գոհունակութեամբ արձագանգեցին երկկողմանի համագործակցութեան դրական թափին։ Փաշինեան եւ Մոտի կարեւորեցին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան ընդլայնումը՝ տնտեսութեան, բարձր թեքնոբանութիւններու, կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ ոլորտներէն ներս։

Վարչապետները անդրադարձան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան հարցերուն, քննարկեցին Երեւան-Նիւ Տելհի օրակարգի շարք մը ուղղութիւններով յարաբերութիւններու ապագայ խորացման միտուած քայլերը։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026