ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։ Առաքելական այցի շրջանակներէն ներս Սրբազան Պապը պիտի պատարագէ Փարիզի սրտին, Քոնքորտի հրապարակին վրայ։

Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը պետական այցելութեամբ կ՚ընդունի Վատիկանի Սուրբ Աթոռին գահակալը։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոն պետական ամենաբարձր արարողակարգով, օդակայանի մէջ դիմաւորեցին Սրբազան Պապը։ Աւելի վերջ, Էլիզէի պալատին մէջ ալ Էմմանիւէլ եւ Պրիժիտ Մաքրոն ամոլը կարմիր գորգով դիմաւորեց Սրբազան Պապը։ Այստեղ Նորին Սրբութեան ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսաւոր հաւաքոյթի հրաւիրեալներու շարքին էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր եպսկ. Խաչատրեանը։ Հարկ է նշել, որ նախագահ Մաքրոն եւ Սրբազան Պապը վերջին անգամ անցեալ ապրիլին տեսակցած էին Վատիկանի մէջ։ Այժմու առաքելական այցելութիւնը առիթ կ՚ընձեռէ այդ հանդիպման շարունակութեան։ Ֆրանսայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գոյութիւն ունին աւանդական սերտ յարաբերութիւններ։ Անոնք կը վկայեն խոր երկխօսութիւն մը, որ հիմնուած է հասարակաց արժէքներու եւ յանձնառութիւններու վրայ։ Ֆրանսայի նախագահի եւ Սրբազան Պապի կարծիքի փոխանակումները չեն սահմանափակուիր միայն երկկողմանի յարաբերութիւններով։ Անոնք միշտ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն համաշխարհային հիմնական մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք շարժման կ՚անցընեն Ֆրանսան եւ Սուրբ Աթոռը՝ ներառեալ կլիմայի փոփոխութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը։ Փարիզի քննարկումներուն օրակարգի վրայ կու գան Ուքրայնայի պատերազմը, Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը, Ափրիկէի վերաբերեալ գործընկերութիւնը եւ այլն։ Ողջունելով Սրբազան Պապը՝ Մաքրոն երէկ յայտնեց, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան տեսակէտէ մեծ պատիւ ու բերկրանք է այս հիւրընկալութիւնը՝ իր իսկ հողին վրայ։

Մաքրոն ելոյթին մէջ շեշտեց, որ հաւատալ կը նշանակէ ստեղծագործել։ Ուստի, յանուն իր համապատասխան ժառանգութեան՝ Ֆրանսա սարսափելի հրդեհէ վերջ վերանորոգած է Նոթրը-Տամ տաճարը։

Նախագահ Մաքրոն ընդգծեց, որ Ֆրանսա միշտ կը դիրքաւորուի խաղաղութեան կողմը, բազմազանութեան հետամուտ է ու կը յարգէ միջազգային իրաւունքը, նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը այս բոլորը կ՚ընէ՝ առանց կրկնակի չափանիշներու։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ պէտք է ճանապարհ մը գտնել՝ ունենալու համար միջազգային համակարգ մը, որ պիտի ճանչնայ թեքնոբանական զարգացումը, պիտի ըլլայ արդար ու մարդկային։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2026