ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՁԱՅՆ
Հայաստանէ ներս նոր սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը ո՛չ միայն իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հարթութեան վրայ տարակարծութիւնները կը խորացնէ, այլեւ մասնագիտական եւ ոլորտային կազմակերպութիւններու տեսակէտէ ալ վերապահութեան դուռ կը բանայ: Իշխանութիւններու կողմէ երկրի նոր սահմանադրութեան նախագծի հրապարակման զուգահեռ՝ Հայաստանի Դատաւորներու միութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ լուրջ վերապահութեան բնոյթ ունի եւ անտեսանելի ահազանգ մըն է։ Հայաստանի Դատաւորներու միութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Հաշուի առնելով, որ 2026 թուականի նոյեմբերի 23-ին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան նախագծի (այսուհետ՝ նախագիծ)՝ դատական իշխանութեան վերաբերեալ դրոյթներու պաշտօնական շրջանառութիւնն ու քննարկումը արդէն իսկ կրնան բացասաբար ազդել դատական իշխանութեան անկախութեան ու հեղինակութեան վրայ, Հայաստանի Դատաւորներու միութիւնը հարկ կը համարէ համառօտ ու սկզբնական անդրադարձ կատարել նախագծի բացառապէս այդ դրոյթներուն։
Նախագծի 85-րդ յօդուածով բոլոր գործող դատաւորներու կարգավիճակը կը փոխարինուի «դատաւորի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի» կարգավիճակով, իսկ պաշտօնավարման շարունակութիւնը կը պայմանաւորուի հինգ տարուան ընթացքին քաղաքական մարմիններու ընտրած անձերու կողմէ իրականացուելիք վերագնահատման արդիւնքով։ Վերագնահատման յանձնաժողովի բոլոր անդամները կ՚ընտրէ Ազգային ժողովը, իսկ յանձնաժողովի եզրակացութիւնները անմիջական դատական վերանայման ենթակայ չեն։ Հարկ է ընդգծել, որ ապագայ բողոքարկման որեւէ դրոյթ՝ ներառեալ Սահմանադրական դատարան դիմելու հնարաւորութիւնը, բնաւ չի կրնար չէզոքացնել նման կառուցակարգով դատաւորներու անփոփոխելիութեան եւ անկախութեան հիմնարար երաշխիքներուն դէմ սպառնալիքը։ Դատաւորներու պաշտօնավարման սահմանադրական երաշխիքներու պահպանումը չի կրնար փոխարինուիլ անոնց համար հաւանական խախտումներէ յետոյ դատական պաշտպանութեան միջոցներու նախատեսմամբ։ Նախագծի 58-րդ յօդուածով ալ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի բոլոր 10 անդամներու ընտրութիւնը կը վերապահուի Ազգային ժողովին, իսկ Դատաւորներու ընդհանուր ժողովին կը մնայ միայն դատաւորի անդամներու թեկնածուներուն ներկայացումը։
Նախագծի մշակման եւ քննարկման գործընթացներէն ներս դատական իշխանութիւնը պատշաճ ներկայացուած չէ եղած. որեւէ դատաւոր չէ մասնակցած այդ գործընթացներուն։
Դատաւորներու միութիւնը կ՚ընդգծէ, որ դատաւորներու անկախութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ ո՛չ միայն այդպիսի կարգաւորումներու հաւանական ընդունումը, այլեւ գործող դատաւորներու անփոփոխելիութեան եւ պաշտօնավարման շարունակականութեան երաշխիքները կասկածի տակ դնող նախաձեռնութիւններու յառաջ քշուիլն ու պաշտօնական շրջանառութիւնը պետական բարձրագոյն մակարդակով։ Նման նախաձեռնութիւնները արդէն իսկ ինքնին կրնան ստեղծել դատաւորներու դէմ անուղղակի ճնշման պայմաններ եւ խաթարել դատական իշխանութեան անկախութեան սահմանադրական երաշխիքներու դէմ վստահութիւնը։ Նման մօտեցումները կը հակասեն իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքին եւ դատաւորներու անկախութեան եւրոպական չափանիշներէն բխած պահանջներուն։
Այդ պահանջները՝ մասնաւորապէս, կը ներառեն դատաւորներու անկախութեան հետեւեալ հիմնական երաշխիքները.
• Անփոփոխելիութիւն - Պատշաճ կարգով նշանակուած ու պաշտօնավարող դատաւորի պաշտօնավարման սահմանադրական երաշխիքները վաղաժամ կրնան սահմանափակուիլ բացառապէս քրէական կամ կարգապահական խախտումներու առկայութեան պարագային, այլ ո՛չ թէ գործող դատաւորներու կարգավիճակի համատարած, զանգուածային վերանայման կամ սահմանադրական բարեփոխումներու քաղաքական նպատակայարմարութեան պատճառաբանութեամբ։
• Անկախ դատական եւ արդիւնաւէտ դատական պաշտպանութիւն - Գործող դատաւորներու պաշտօնավարման երաշխիքները ժամանակաւոր կարգավիճակով փոխարինելը եւ անոնց լիազօրութիւններու շարունակականութիւնը վերագնահատման արդիւնքներէ կախուածութեան մէջ դնելը լուրջ եւ առարկայականօրէն հիմնաւորուած կասկածներ կը յառաջացնեն դատական իշխանութեան անկախութեան՝ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց պայմանագրի 6-րդ յօդուածով երաշխաւորուած պահանջներու պահպանման առումով։ Նման ընթացակարգերը՝ յատկապէս արդիւնաւէտ եւ լիարժէք դատական վերահսկողութեան բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ, կրնան անհամատեղելի ըլլալ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի նախադէպային իրաւունքէն բխած երաշխիքներուն հետ։
• Դատական ինքնակառավարում - Ըստ եւրոպական չափանիշներու՝ դատական խորհուրդներու անդամներու առնուազն կէսը պէտք է ըլլան իրենց գործընկերներու՝ դատաւորներու կողմէ ընտրուած դատաւորներ։ Աւելին, Եւրոպայի Դատաւորներու խորհրդատուական խորհուրդը (CCJE) միանշանակ անընդունելի համարած է դատական խորհուրդի դատաւոր անդամներու ընտրութիւնը խորհրդարանի կողմէ։ Հետեւաբար, Դատաւորներու ընդհանուր ժողովին միայն թեկնածուներ ներկայացնելու իրաւասութիւն վերապահելը, իսկ անոնց ընտրութիւնը Ազգային ժողովի լիազօրութեան յանձնելը չի համապատասխաներ դատական անկախութեան եւրոպական չափանիշներուն եւ կը վտանգէ դատական իշխանութեան ինքնակառավարման անկախութիւնը։
Սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման որեւէ նպատակ չի կրնար արդարացնել պաշտօնավարող դատաւորներու համատարած վերագնահատումը (վեթինկ կամ կարգավիճակի վերահաստատում), անոնց պաշտօնավարման սահմանադրական երաշխիքներու վերացումը կամ պաշտօնավարման շարունակականութիւնը նոր նշանակմամբ կամ կարգավիճակի վերահաստատմամբ պայմանաւորելը։
Միջազգային փորձառութիւնը եւս կը հաստատէ այս բանը։ Վենետիկի յանձնաժողովը մերժած է բոլոր գործող դատաւորներու լիազօրութիւններու դադրեցումը (Ուքրայնա, 2015թ.), Եւրոպայի Դատաւորներու խորհրդատուական խորհուրդը սահմանադրական բարեփոխման շրջանակներէն ներս սերպ դատաւորներու լիազօրութիւններու դադրեցումը գնահատած է՝ որպէս անփոփոխելիութեան սկզբունքի խախտում (Սերպիա, 2010թ.), Հայաստանի մէջ 2019 թուականին Եւրոպայի խորհուրդի մասնակցութեամբ արձանագրուած է, որ բոլոր գործող դատաւորներու վեթինկը «ո՛չ անհրաժեշտ է, ո՛չ օգտակար», իսկ Դատաւորներու միջազգային միութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Մեքսիքայի դատական բարեփոխման առնչութեամբ (2024թ.)։ Օրինակները բազմաթիւ են։
Դատաւորներու անփոփոխելիութեան եւ դատական իշխանութեան անկախութեան սահմանադրական երաշխիքները չեն կրնար ստորադասուիլ քաղաքական նպատակայարմարութեան, իսկ անոնց սահմանափակումը չի կրնար արդարացուիլ սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման անհրաժեշտութեամբ։
Միութիւնը կը յորդորէ Բարձրագոյն դատական խորհուրդին՝ որպէս դատարաններու եւ դատաւորներու անկախութեան սահմանադրական երաշխաւոր, հրապարակայնօրէն յայտարարել նշուած դրութիւններու անթոյլատրելիութեան մասին եւ պահանջել զանոնք հանել շրջանառութենէն իր սահմանադրական լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ ձեւաւորել անհրաժեշտ միջոցներ՝ պաշտպանելու գործող դատաւորներու պաշտօնավարման շարունակականութեան երաշխիքները եւ կանխելու անոնց կարգավիճակի անորոշութեամբ պայմանաւորուած ուղղակի կամ անուղղակի միջամտութիւնները։
Հայաստանի Դատաւորներու միութիւնը կ՚ակնկալէ նաեւ, որ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններն ու եւրոպական համապատասխան կառոյցները ուշադրութիւն դարձնեն դատական իշխանութեան անկախութեան սպառնացող նշուած նախաձեռնութիւններուն վրայ։
Միութիւնը կը շեշտէ նաեւ, որ սոյն յայտարարութիւնը սկզբնական բնոյթ կը կրէ եւ չի սպառնար նախագծի՝ դատական իշխանութեան վերաբերեալ կարգաւորումներու մասին իրաւական գնահատականներուն եւ առարկութիւններուն։
Վերջապէս, դատական իշխանութեան անկախութիւնը՝ դատաւորներու անփոփոխելիութեան երաշխիքով հանդերձ, ո՛չ թէ դատաւորներու արտօնութիւնն է, այլ իւրաքանչիւր անձի արդար դատաքննութեան իրաւունքի հիմնարար երաշխիքը։
*
Հայաստանի Դատաւորներու միութեան կողմէ հրապարակուած այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է հանրային կարծիքին մօտ։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ շատ դրական գնահատականով մը արձագանգեց սոյն յայտարարութեան։