ՎԱՐՊԵՏԷՆ ՆՈՐ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ
«ArtRedCo», որ Իսթանպուլի արդի արուեստի կարեւոր ժամադրավայրերէն մին է, այսօրերուն կը հիւրընկալէ եզակի ցուցահանդէս մը։ «The Art of Photograph: İstanbul Rooms» խորագրեալ ցուցահանդէսը այսօրերուն վերածուած է գեղարուեստական աշխարհէ ներս մեծ համախմբման մը։ Լուսանկարչական արհեստի զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչներու գործերը համախմբուած է այս ցուցահանդէսով, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Քսանվեց վարպետ լուսանկարիչ մասնակցութիւն կը բերէ այս նախաձեռնութեան։ Այդ վարպետներու շարքին է Պերճ Արապեան, որու ոսպնեակի որսած ութ դրուագներ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած են գեղարուեստասէրներուն։ Պերճ Արապեան, որ բազում բարձունքներ նուաճած լուսանկարիչ մըն է, այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ալ կ՚առանձնանայ իր դիտարկման կարողութիւնով եւ լուսանկարչական բարձր հմտութիւններով։
Ընդհանուր առմամբ, այս ցուցահանդէսի ամբողջին մէջ տարբեր տեսանկիւններն ու արտադրելու ձեւերը համադրուած են՝ շատ հետաքրքրական ձեւով։ Միեւնոյն ժամանակ, այս ցուցահանդէսը լուսանկարչական արհեստի արդի արուեստի աշխարհէ ներս դիրքը կը հարցաքննէ՝ ձեւով մը զայն վերադիրքաւորելով։ Աշխատանքները ցուցահանդէսի այցելուներուն առջեւ դուռ կը բանան նաեւ նոր պատումներու։
Երէկ, այս ցուցահանդէսի գծով Պերճ Արապեանի այցելութեան փութաց նաեւ մեր համայնքի այլ լուսանկարիչ վարպետներէն մին՝ Մկրտիչ Արծիւեան։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի 7-ը։