ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՎԵՑ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Շաբաթավերջին, Ուքրայնայի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցան վեց համաձայնագրեր, որոնք հետամուտ են ամրապնդել երկու երկիրներու համագործակցութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս: 

Պաքու-Քիեւ առանցքին վրայ ներկայիս խնդրոյ առարկայ են նոր որոնումներ՝ մանաւանդ, որ կողմերու առեւտուրի ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 500 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ անոնք որոշած են այդ մակարդակը ա՛լ աւելի բարձրացնել: 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին: Երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները: Նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Զելենսքի նշեց, որ ներկայիս համագործակցութեան թիւ մէկ ոլորտն է անվտանգութիւնը՝ պաշտպանութեան արդիւնաբերութիւնը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2026