Երեքշաբթի 28, Ապրիլ 2026
ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՇԷՆՔԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ: Երկօրեայ շփումներու ծիրէն ներս Միրզոյեան կը հիւրընկալուի Ֆրասնայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի կողմէ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի նոր դեսպանատան շէնքի բացման արարողութեան:
Մինչ այդ, Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, նոր դեսպանատան շէնքին մէջ նախատեսուած է՝ Եւրոպայի երկիրներէ ներս հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններու հաւաքը:
Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2026