ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ՝ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԵՐՈՍԸ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան այս օրերուն վերստին կ՚այցելէ Հայաստան: Մինչ ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութիւնը արդէն մագնիսացուցած է ամբողջ աշխարհի ֆութպոլասէրներու ուշադրութիւնը, այս նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի ֆութպոլասէրներու տեսակէտէ յաւելեալ խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Հենրիխ Մխիթարեանի ներկայութիւնը վայելելը: Ինչպէս ծանօթ է, Հենրիխ Մխիթարեան անցեալ մարզական շրջանին Իտալիոյ ախոյեանը հանդիսացած «Ինթեր» խումբի կազմին մէջ էր: 

Հայաստան այցելութեան առթիւ, Հենրիխ Մխիթարեան այցելեց «Փիւնիկ» ակումբի ակադեմիան, ուր սաներուն կողմէ շրջապատուեցաւ ջերմօրէն: Այս այցելութիւնը յատկանշական էր նաեւ այն առումով, որ Հենրիխ Մխիթարեան հասած է «Փիւնիկ» ակումբէն:

«Փիւնիկ»ի ակադեմիայի պատանի սաները բացառիկ ոգեւորութեամբ ողջունեցին Հենրիխ Մխիթարեանը՝ զայն շրջապատելով ջերմօրէն: Հենրիխ Մխիթարեան մի առ մի բարեւեց զանոնք եւ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ցոյց տուաւ ջերմ վերաբերմունք: Մարզական ակադեմիայի համալիրէն ներս, Հենրիխ Մխիթարեանի այցելութեան առթիւ զետեղուած էր բեմահարթակ մը, որու վրայ ան խօսք ուղղեց պատանի մարզիկներուն՝ մանաւանդ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Պատանի մարզիկները մագնիսացած ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Հենրիխ Մխիթարեանին, որու նկատմամբ արտայայտեցին թէ՛ իրենց անկեղծ սէրը եւ թէ անսահման համակրանքն ու հիացումը:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026