ՆՈՐԱ ԱՐՄԱՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան, Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Այս մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի տաղի կ՚ունենայ՝ խրախուսելու համար հայ թատրոնի նուիրեալները։ Այս տարուան պարգեւատրեալներու շարքին էր սփիւռքահայ յայտնի ու վաստակաւոր դերասանուհի Նորա Արմանի, որ արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2026