Երկուշաբթի 30, Մարտ 2026
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները գոհունակութեամբ նշեցին Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացի դրական զարգացումները։ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Շաբաթ, Մարտ 28, 2026