ՉԱՐԼԶ Գ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ այս օրերուն կը հիւրընկալեն Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորն ու Քամիլլա թագուհին, որոնք պետական այցելութեամբ կը գտնուին Ուաշինկթընի մէջ։

Այսօր, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս նախատեսուած է Զարլզ Գ. թագաւորին ելոյթը։ Պատմութեան մէջ արդէն երկրորդ անգամ նման իրադարձութիւն մը կ՚ապրուի։ Չարլզ Գ.-էն առաջ 1991 թուականին ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս ելոյթ ունեցած էր Էլիզապէթ Բ. թագուհին։

Պետական այցելութեան ծրագրի առաջին հանգրուանին նախագահն ու թագաւորը մէկտեղուեցան Սպիտակ տան մէջ։ Այսօր երեկոյեան Սպիտակ տան մէջ Թրամփ պաշտօնական ընթրիքով կը մեծարէ Անգլիոյ թագաւորը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2026