ԵՐԿՈՒ ՔԱՐԱՅՐ
Քարայրի մը մէջ էք, երեւակայեցէ՛ք: Հո՛ն ծնած էք, հո՛ն կ՚ապրիք եւ անկէ դուրս ի՛նչ ըլլալէն տեղեակ չէք: Կապուած են ձեր ձեռքերը, վիզերը՝ միա՛յն դէպի դիմացի պատը ուղղուած: Այրող կրակ մը կայ ձեր ետեւը, կրակին ու ձեր միջեւ եկող-գացող մարդիկ կան, արձաններ ու այլ շատ բաներ շալկող շա՜տ մարդիկ. անդադար շարժում: Եկող-գացող մարդոց ստուերները ձեր նայած պատին վրայ են: Ձեր ծնունդէն ի վեր այդ շուքերուն հետն էք դուք, անոնց հետ կը մեծնաք, անունները կը սորվիք անոնց, շարժումները կը դիտէք, ո՛ր մէկ ստուերին աւելի՛ արագ, աւելի՛ գեղեցիկ կամ աւելի՛ վտանգաւոր ըլլալուն մասին կը վիճիք ձեր բարեկամներուն հետ…: Ձեր երկա՜ր վիճաբանութիւնները «ստուերներ վերլուծելու մասնագէտներ» յառաջ կը բերեն, հռչակաւոր մարդիկ այդ շուքերուն երբ երեւնալը կրնան կանխատեսել եւ ստուերներուն մասին ամբողջական տեսութիւններ կրնան դնել փիլիսոփաները…
Ներսի ստուերներուն մասին է ամէն ինչ, քանի որ ո՛չ ոք տեղեակ է քարայրէն դուրս ընթացող կեանքին մասին:
Ի՞նչ կը կարծէք.
Ազա՞տ մարդիկ են ասոնք, թէ չշղթայուած բանտարկեալներ:
Բայց յարատեւ չ՚ընթանար քարայրին «խաղաղութիւնը».
Մարդ մը կը յաջողի իր հաստատուն վիզը թեքել, կրակին բոցը աչքերը կը ցաւցնեն եւ վերջապէս կը տեսնէ ան, որ ամբո՛ղջ կեանքի ընթացքին իր դիտածները իրականութիւնը չե՛ն, այլ արտացոլումն են իր ետեւը շարժող բաներուն…
Կը սթափի մարդը եւ ճանապարհ մը կը գտնէ քարայրէն դուրս ելլելու. լոյս, արեւ, երկինք, ծառ, մարդիկ եւ իրական դէմքեր կը տեսնէ…
Սո՛ւտ էր ուրեմն ներսի աշխարհը, կը խորհի ան, եւ հոն տեսած ու պաշտպանած աշխարհը տժգոյն պատկերն էր դուրսի իրողութեան՝ կը համոզուի:
Քարայր կը վերադառնայ ազատած մարդը իր տեսած իրականութիւնը հոնտեղիններուն պատմելու:
Կը լսե՞ն զինք. ի՞նչ կը կարծէք:
Չե՛ն լսեր, «խենթ ես», կ՚ըսեն անոր եւ չեն տատամսիր զինք սպաննել, երբ կը փորձէ ան իրենց շղթաներէն ազատիլ…
Այսպիսին չե՞նք մենք. իրականութիւնը չէ՛, որ կը պաշտպանենք, այլ՝ մեր գիտցա՛ծ ու վարժուա՛ծ աշխարհը, նոյնիսկ եթէ բանտ մըն է անիկա:
Ի՞նչ պատմութիւն էր ասիկա, պիտի հարցնէք հաւանաբար.
2400 տարի առաջ փիլիսոփայ Պղատոնին պատմած քարայրին առասպելն է այս:
Զարմացա՞ք թուականէն:
Շատ շատոնց պատմուած է, չէ՞:
Եւ ի՞նչն է այսօրուան կարեւոր հարցումը.
-Պղատոնը ինչո՞ւ 2400 տարի առաջ այս առասպելը պատմեց:
-2400 տարի առաջ Պղատոնը ինչպէ՞ս կրցաւ այս առապելը պատմել:
Երբե՛ք. ո՛չ առաջինը, ո՛չ ալ երկրորդը:
Այդ քարայրէն դուրս ելա՞նք, դուրս ելա՞ծ ենք մենք այսօր, թէ Պղատոնին հի՜ն քարայրէն ելլելով ուրիշ, մեր գրպաններուն մէջ տեղաւորուող նոր ու շքեղ քարայր մը մտանք.
Ա՛յս է հարցումը:
Երկաթեայ չե՛ն այսօրուան շղթաները, երբե՛ք, data են՝ պարզապէս:
Ո՛չ ոք կը ստիպէ մեզ դիմացի պատին նայիլ այլեւս. բանտ չէ՛ մերինը, ճի՛շդ է, այդպէս կ՚երեւի, բայց եկուր տե՛ս, որ մեր ձեռքի քարայրին մէջն են մեր բոլո՜ր մտածումները, կասկածները, վախերը, հարցումներն ու անոնց պատասխանները, աւելի՛ն, մեզ բառացիօրէն շղթայելիք մեր բոլո՜ր նախընտրութիւնները, որոնց մասին մեզմէ աւելի՛ շատ գիտեն, այլեւս, մեզ առաջնորդողները:
Բանտ չէ՛ մերինը:
Սահած ու բաներ մը սահեցուցած մեր մատով մե՛ր սիրածները կը գտնենք, մեզի՛ նմանողները, մեզի՛ պէս մտածողները, մեր, միա՛յն մեր կարծիքը պաշտպանողները, մեզ հանգստացող լուրերն ու կեանքը դիւրացնող ու գեղեղկացնող բաները կը գտնենք… եւ կը թուի այնպէս, որ մեզի պէս կը մտածէ ամբո՛ղջ աշխարհը, բայց իրօ՞ք ամբողջ:
Մեզի պէս չմտածողը՞…
Քարէ չո՜ր պատի մը վրայ կը շարժէին Պղատոնին ստուերները, այսօր՝ պսպղո՛ւն են մեր ստուերները պարեցնող պաստառները:
Մարդոց կռնակին ետեւն էր Պղատոնին կրակը. այսօրուան բոցերն են օր ու գիշեր չունեցող, մեր կեանքը հրահրող եղանակաւո՜ր մեր «նոթիֆիքէյշըն»ները:
Պղատոնին մարդիկը քարայրէն զատ բան մը չտեսան, իսկ մեզի կը թուի, որ ամբո՜ղջ աշխարհն է մեր ձեռքին մէջինը. բայց ամբո՞ղջ աշխարհը, թէ մեր ձեռքի տուփին առաջարկած, աշխարհին մեզի՛ յարմարող տարբերակը:
Սուտ չե՛ն, մեզ չեն խաբեր ընկերային մեր ցանցերը, սիրելի՜ մեր հարթակները, քանի որ մե՛ր ուզածը, մե՛ր հարցումին, փնտռածին, տեսածին, կարդացածին ու պահածին համեմատ պատրաստուա՛ծն է, որ կ՚առաջարկեն մեզի:
Պղատոնի ժամանակին պէս մէ՛կ մե՜ծ քարայրի մէջ չենք բոլորս, ո՛չ: Մեզի համար շինուած մեր փոքրիկ քարայրները ունինք ամէն մէկս. տարբեր-տարբեր քարայրներ, տարբեր պատեր, կրակ, ստուերներ ու տարբեր իրականութիւններ…
Եւ ի՞նչ…
Մեր ուզածը կը դիտենք, մեր ուզածը կը լսենք ու կը կարդանք, ուրեմն ազա՞տ ենք մենք այսօր…
Պատի մը ետեւ ընթացող իրականութիւնը մեզմէ խափանող բանտ մը կայ եւ բանտ մը, որ մեզ կրնայ համոզել, թէ մե՛ր ստեղծած ստուերներն են ամբո՜ղջ իրականութիւնը.
Ո՞ր մէկը աւելի վտանգաւոր է:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ