Ուրբաթ 28, Օգոստոս 2026
ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպակիծէի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգին, զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր:
Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ հոկտեմբերին նախատեսուած Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի կողմերու 13-րդ համաժողովի (COP 17) կազմակերպման եւ Իրակլի Քոպակիծէն հրաւիրեց մասնակցելու այդ շրջանակէն ներս նախատեսուած առաջնորդներու գագաթաժողովին: Քոպակիծէ սիրով ընդունեց այդ հրաւէրը:
Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026