TRIPP-Ի ՀԱՄԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐԸ ԵՐԵՒԱՆ-ԱՍՏԱՆԱ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ
Նիկոլ Փաշինեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ժամանակ տեղեկացուց, որ Երեւանի եւ Աստանայի միջեւ քննարկումներ կը ծաւալուին TRIPP նախաձեռնութեան շուրջ։ Ան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, առանց մանրամասնութիւններու մէջ խորանալու՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հաւանական է Ղազախիստանի մասնակցութիւնը TRIPP-ին, սակայն, այս ուղղութեամբ բաւարար չէ Հայաստանի նախընտրութիւնը, որովհետեւ անհրաժեշտ է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւանութիւնը։
Փաշինեան նշեց, որ TRIPP-ի պարագային ներդրումային հնարաւորութիւններ պիտի ըլլան եւ յստակ սահմանուած է, որ անհրաժեշտ է Երեւանի եւ Ուաշինկթընի համաձայնութիւնը՝ երրորդ կողմերու ներգրաւման պարագային։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ան բացատրեց, որ Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի սահմանած նոր պատժամիջոցները ի՞նչ հաւանական ազդեցութիւն կրնան գործել Հայաստան-Իրան տնտեսական կապերուն վրայ։
«Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մասին որոշումները բազմաշերտ են։ Քանի գործընթացը ծաւալուն է՝ մենք այդ մէկը վերլուծելու ընթացքի մէջ ենք՝ ներառեալ միջազգային գործընկերներու աջակցութեամբ, որպէսզի ամէն ինչ ճիշդ հասկնանք եւ ամէն ինչ ճիշդ ըլլայ», ըսաւ ան։