ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ICMA-Ի «ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԱԺԻՇՏ»Ը ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ վարպետ ու հեղինակաւոր քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան դարձած է՝ Միջցամաքամասային երաժշտական մրցանակի (ICMA) դափնեկիրներէն մին։ Ան «լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգին մէջ նուաճած է առաջնութիւն։ Իր այդ յաղթանակը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի հայկական երաժշտութեան միջազգային ծանօթացման տեսակէտէ՝ մանաւանդ, որ Մարիաննա Գէորգեան վիրթիէօզ մըն է աւանդական նուագարանի մը՝ քանոնի, որու ձայնը այնքան խորհրդաւոր ու տպաւորիչ կը հնչէ իր կատարումներուն ժամանակ։

Մարիաննա Գէորգեանի մասնակցած ICMA-ի մրցակցութիւնը եղած է բաւական բարդ։ Աշխարհի շուրջ հարիւր երկրէ մօտաւորապէս երեք հազար հինգ հարիւր արուեստագէտ մրցակցութեան մէջ մտած է՝ նուաճելու համար այս կարեւոր մրցանակը։

Այս տարուան գերազանց նուաճումէն առաջ, Մարիաննա Գէորգեան անցեալ տարի ալ արժանացած էր «Global Icon Awards» կոչումին։ Դափնիներու այս հետեւողականութիւնը կու գայ հաստատել, որ Մարիաննա Գէորգեան յարատեւ վերելքի մէջ է, ինքզինքը միշտ կը կատարելագործէ եւ այդ բոլորը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծեն իր առջեւ։

Հարկ է նշել, որ Մարիաննա Գէորգեան Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի (գեղարուեստական ղեկավար՝ Ս. Երկանեան) մենակատար քանոնահարուհիներէն մին է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանի այս անվիճելի յաղթանակը, որ իսկապէս հպարտութեան առիթ մըն է եւ իրեն համար քաջալերական մը՝ նորանոր բարձունքներ նուաճելու ճանապարհին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026