ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Մ ԵԾԱՅԱՐԳ ՏԻԱՐ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ
ՊՈԼԻՍ - ԹՈՒՐՔԻԱ

Մեծայարգ Տիար Գօչունեան,

Արշակ Չօպանեան Մշակութային միութիւնը շնորհակալութեամբ ստանալով «Ծաղիկ» եւ «Աղթամար» գրական թերթերու խմբագրութեանց ուղարկուած Ձեր հրաւէրը՝ սրտի անխառն բերկրանքով վերահասու եղաւ ազնուափայլ տիկին Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ ընդունելութիւն-ընթրիք սարքելու եւ մեծարգոյ յոբելեարը մեծարելու ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի նախաձեռնութեան։

Արդարեւ, 118 տարուան արգասաւոր ու բեղուն գործունէութեամբ նշանաւորուած, այլեւ հայկական երիցագոյն մամուլը համարուած ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մէջ իր անմնացորդ նուիրումն ու ծանրակշիռ վաստակը ներդրած տիկին Նատիա Գօչունեանի ի պատիւ տեղի ունենալիք յոբելինական հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, առիթ մըն է ո՛չ միայն պատուելու հայ մամլոյ անխոնջ սպասաւոր մը, այլեւ անգամ մը եւս վեր առնելու հայ մամուլի՝ այս պարագային ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կենսական դերն ու առաքելութիւնը պոլսահայ համայնքէն ներս եւ անկէ դուրս, ամբողջ հայաշխարհի մէջ։

Մեծայարգ պարոն Գօչունեան,

Յոյժ գնահատելով ձեր հետեւողականօրէն ջանադիր աշխատանքները ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ, մեծարգոյ յոբելեարին՝ ազնուափայլ տիկին Նատիա Գօչունեանին կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, նորանոր նուաճումներ ու ձեռքբերումներ՝ գրեթէ կէսդարեայ իր լրագրական ասպարէզէն ներս։

Պատի՛ւ Արժանաւորին։

Ի դիմաց՝ 

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԴԱՒԻԹԵԱՆ     ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

            ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ              ՀԻՄՆԱԴԻՐ-ՆԱԽԱԳԱՀ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026