ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Մեծարգոյ Տիկին Նատիա Գօչունեան,

Ընդունեցէ՛ք իմ ջերմագոյն շնորհաւորանքներն ու անկեղծ բարեմաղթանքները Ձեր ծննդեան 75-ամեայ յոբելեանի եւ խմբագրական գործունէութեան 45-ամեակի առթիւ։ 

Այս նշանակալի յոբելեանները գեղեցիկ առիթ են արժեւորելու Ձեր անցած երկարամեայ ու նուիրեալ ճանապարհը հայ մամլոյ, հրատարակչական գործի եւ ազգային գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման բնագաւառներէ ներս։ Ձեր գործունէութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի միջոցաւ դարձած է հայ մամլոյ կենսունակութեան, մասնագիտական պատասխանատուութեան եւ մշակութային առաքելութեան իրականացման կարեւոր վկայութիւն։

45-ամեայ խմբագրական գործունէութիւնը ո՛չ միայն մասնագիտական հարուստ փորձառութեան արդիւնք է, այլեւ մշակութային ծառայութեան ամբողջ ճանապարհ։ Այդ տարիներու ընթացքին մամուլը Ձեզ համար եղած է ո՛չ միայն հասարակական-քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններու արձանագրման, այլեւ ազգային յիշողութեան պահպանման, մշակութային արժէքներու փոխանցման, մտաւոր երկխօսութեան եւ հայ ինքնութեան շարունակականութեան ապահովման կարեւոր հարթակ։

Որպէս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէնուհի՝ Դուք նշանակալի ներդրում ունեցած էք հայ մամլոյ աւանդոյթներու պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ։ Ձեր գործունէութիւնը դուրս է սոսկ լրագրական աշխատանքի շրջանակներէ, քանի որ կը ներառէ հայ գիրի, ազգային արժէքներու եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, հանրայնացման ու նոր սերունդներու փոխանցման կարեւոր առաքելութիւնը։ Հարկ է շեշտել նաեւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրական եւ հրատարակչական գործունէութիւնը դարձած է հայ մտքի ու մշակոյթի ձեռքբերումներու պահպանման եւ հանրային շրջանառութեան կարեւոր օղակ՝ նպաստելով ազգային մշակութային ժառանգութեան շարունակականութեան։ 

Ձեր վաստակի բարձր գնահատանքի արտայայտութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Սահակ - Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանին արժանանալը։ Այն խորհրդանշականօրէն կ՚ընդգծէ Ձեր անուրանալի ծառայութիւնը հայ գրաւոր մշակոյթին, մամուլին եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներուն։

75-ամեայ յոբելեանն ու խմբագրական գործունէութեան 45-ամեակը նաեւ նոր ստեղծագործական ծրագրերու եւ նախաձեռնութիւններու առիթ են։ Թող Ձեր հարուստ փորձառութիւնն ու մասնագիտական վաստակը շարունակեն ծառայել հայ մամլոյ, հրատարակչական գործի եւ ազգային մշակոյթի զարգացման։ 

Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեր 75-ամեայ յոբելեանի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կապակցութեամբ՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, ստեղծագործական անսպառ եռանդ, բարօրութիւն, մասնագիտական նոր ձեռքբերումներ եւ երկար տարիներու արգասաբեր գործունէութիւն։ 

Յարգանքով եւ ջերմ բարեմաղթանքներով՝ 

ՏՈՑ. ՆԱԻՐԱ Վ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Մանուկ Աբեղեան»
Գրականութեան կաճառի առաջատար գիտաշխատող

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026