120-ԱՄԵԱԿԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բազմավաստակ հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ մեծարանքի անմոռանալի հանդիսութիւն մը։ Ան ունի իր անջնջելի հետքը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան մէջ, ուր կամրջած է սերունդներ եւ տասնամեակներ, կազմակերպած է անցումներ, դիմադրած է ճամբաբաժաններու վրայ՝ դառնալով հետեւողականութեան ախոյեան մը, նուիրումի եւ զոհողութեան կերպար մը։ 75 տարիներու իր կեանքը եւ 45 տարիներու աշխատանքը… Այդ երկու թուանշաններու գումարումով ստացուած 120-ն ալ պատահական չէ։ Արդարեւ, Նատիա Գօչունեանի կրկնակ յոբելեաններու մեծարանքի հանդիսութիւնը դարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 120-ի նախատօնակը։
Յոբելենական հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր՝ բարձր հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի եւ նախաձեռնութեամբ թերթիս խմբագրութեան։ Սովորական ձեռնարկներէ շատ աւելի խորքային էր հաւաքոյթի մթնոլորտը, որու մասնակիցները հաղորդ դարձան մեծարեալի «Կեանքի ժամանակին»։ Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի վաղեմի բարեկամներէն, համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի, թերթիս ընտանիքի Նիւ Եորքի ազգականներէն Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեանի հիմնական խրախուսանքով։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այլ բազմաթիւ համակիրներն ալ զօրակցած էին, որպէսզի ամենայն պատշաճութեամբ արժեւորուի վաստակը Նատիա Գօչունեանի, որ թերթիս հիմնադրութեան 100-ամեակի շրջանին «Դարադարձի հերոսը» հռչակուած էր, նաեւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պահապան հրեշտակը»։
Նատիա Գօչունեանի վիթխարի աշխատանքին ձգողականութիւնը կրկնակ յոբելեաններու փուլին մագնիսացուց իր սիրելիներու, հարազատներու եւ համակիրներու ուշադրութիւնը՝ զգացումներու տարափի մը պայմաններուն ներքեւ։ Մեծարեալի տասնամեակներու յամառ աշխատանքին հատուցումը դարձած է՝ իրեն նկատմամբ համատարած յարգանքն ու համակրանքը, հասարակական կեանքէ ներս բարձր գնահատանքը։ Կրկնակ յոբելեաններու այժմու փուլին համայնքային շրջանակները արձանագրեցին՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս Նատիա Գօչունեանի երախտաշատ դերն ու վաստակը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատեց մեծարեալի ազնիւ ու համեստ ծառայութիւնը հայ մամլոյ անդաստանէն ներս։ Ի լրումն այս բոլորին, կրկնակ յոբելեաններու առթիւ Նատիա Գօչունեանի առարկայ դարձած գնահատանքին բարձրակէտը դարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հասած՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհաւորականը (կարդալ յարակից սիւնակին մէջ)։
Յոբելենական ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ նուիրեալ կրթական մշակ Մարալ Սաթարի։ Մեծարեալի Էսաեան վարժարանի դասընկերուհիներուն անունով սրտի խօսք մը արտասանեց՝ կրթօճախի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան։ Յոտնկայս ունկնդրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորականը, զոր ընթերցեց Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։ Ներկաները դիտեցին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի բարեկամներէն եւ գործակիցներէն, յայտնի մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ պատրաստուած «Կեանքի ժամանակ. Նատիա Գօչունեան» կարճաժամկէտ ֆիլմը։ Ֆիլմի ներկայացման յաջորդեց Տիգրան Պասկեւիչեանի ողջոյնի խօսքը։ Բացի այս ֆիլմէն, սրահի հսկայ պաստառին վրայ միշտ կը շրջանառէին Նատիա Գօչունեանի կեանքէն բազում յատկանշական դրուագներ, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ դահլիճի բազմաթիւ ներկաներու յիշողութիւնը կը վերակենդանանար զանազան երեսակներով։
Յայտագրի տեւողութեան արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ մի առ մի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ ունեցած էին իրենց բաժինը։ Մինչ այդ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ալ թերթիս ընտանիքէն Այլին Գօչունեանի ձեռամբ ստացաւ՝ ձեռնարկի հիւրընկալ հաստատութեան համար պատրաստուած յուշանուէրը։
Արա Գօչունեանի ելոյթէն վերջ, հակիրճ սրտի խօսք մը արտասանեց Նատիա Գօչունեան, որ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուրախակից ըլլալու կապակցութեամբ։ Ելոյթէն վերջ ան հատեց իր կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։ Այս փուլին հանդէս եկաւ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տոց. Սեւան Սվաճըօղլու, որ հաւաքոյթի պատուոյ հիւրերէն էր։ Ան անկեղծօրէն շնորհաւորեց մեծարեալը, որուն յանձնեց Ազգային մեծ ժողովի հաւաքածոյէն յուշանուէր մը։ Յայտագրի գործադրութիւնը եզրափակուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեծարեալը դրուատեց՝ իրեն բնորոշ ոճով՝ փոխանցելով օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։
Յոբելենական հաւաքոյթը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ համախմբեց Տ. Արամ արք. Աթէշեանը, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուն, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը, քաղաքէս ներս Հայաստանի ներկայացուցիչ դիւանագէտները, բազմաթիւ համայնքային վարիչներ, մեծարեալի ընտանիքը, թերթիս հիմնադիրներու Գօչունեան գերդաստանի շառաւիղները, կրթական մշակներ, հասարակական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ այլ հիւրեր։ Բոլորը համախումբ, բարձր տրամադրութեամբ համակուած էին։ Ինչպէս նշեց հանդիսավար Մարալ Սաթար՝ Նատիա Գօչունեան շուրջ կիսադարեայ լրագրական գործունէութեան տեւողութեան մեր համայնքը ընկալած էր՝ որպէս մեծ ընտանիք մը, իսկ իր կրկնակ յոբելեանները սահմանեցին այն պահը, երբ այդ մե՛ծ ընտանիքը եկաւ երախտագիտութեան առարկայ դարձնել իր մե՛ծ նուիրեալը, որ անոնց դիմացն էր պատուանդանի վրայ՝ շալկած իր վիթխարի վաստակը։
Ընդունելութեան ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները մի առ մի զրուցեցին Նատիա Գօչունեանի հետ՝ փոխանցելով իրենց բարեմաղթանքը։
Յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպչական աշխատանքները համակարգուած էին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի համակիրներէն Մուրատ Պէրպէրօղլուի կողմէ։ Յանձնախումբին մաս կազմեցին Նուարդ Աւետիքօղլու, Լեռնա Փափազեան, Սելին Կէզէրօղլու եւ Լարա Թոքատլըօղլու։ Այս վերջիններն ալ միացան բոլոր հրաւիրեալներուն՝ բաժակ բարձրացնելով մեծարեալի առողջութեան եւ կենաց արեւշատութեան համար:
